News & Events Լուսին Շիրինեան-Պէյքըր 40,000 տոլար կը նուիրէ Ճեմարանին եւ 10,000՝ «Ասպարէզ»ին

«Ասպարէզ».- Ֆրեզնոյէն հասած էր Հոլիվուտ, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն: Նախապէս ժամադրուած էր, ապահովելու համար խմբագիրին ներկայութիւնը:

«Նախ եւ առաջ, այս ծրարը կ՛ուզեմ յանձնել, բաժանորդագի՛նս է»,- ըսաւ «Ազդակ» եւ ապա «Ասպարէզ» թերթերուն մէջ խմբագրական ծանրագոյն ու երախտաշատ աշխատանք տարած Պարգեւ Շիրինեանի քոյրը՝ Լուսին Շիրինեան-Պէյքըրը:

«Հիմա կ՛ուզեմ բացատրել, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ ընել: Կ՛ուզեմ «Ասպարէզ»ին 10,000 տոլար նուիրել՝ եղբօրս՝ Պարգեւ Շիրինեանի յիշատակին»,- ըսաւ տիկին Լուսինը, որ մեքենայ վարձած ու բարեացակամ հարեւանէ մը խնդրած էր, որ զինք խմբագրատուն բերէ:

Յիշեցինք ընկեր Պարգեւի բծախնդրութիւնը՝ լեզուի ճշգրտութեան, անոր ամուր հաւատքը՝ թերթի առաքելութեան հանդէպ, եւ անոր ամբողջական նուիրուածութիւնը՝ իր գործին:

Յանձնեց 10,000 տոլարի չէքը:

«Հիմա կ՛ուզեմ ինծի օգնես: Կ՛ուզեմ 40,000 տոլար նուիրել իմ դպրոցիս՝ Պէյրութի Ճեմարանին, ի յիշատակ իմ պաշտելի ուսուցիչներուս՝ Լեւոն Շանթին, Կարօ Սասունիին, Բարսեղ Կանաչեանին եւ այդ սերունդի բոլոր մեծերուն, որոնց շունչին տակ ես մեծցայ: Այս դրամը պիտի հասցնես Ճեմարա՛ն»,- ըսաւ ու քառասուն հազար տոլարի բաց չէք մը յանձնեց խմբագիրին:

Փոխանցման կարգադրութիւնը տեղւոյն վրայ կարգաւորեցինք, ու մեր աշխատանքը չխանգարելու մտահոգութեամբ՝ մեզմէ շուտ հեռանալու տրամադրուած Լուսինը հազիւ կրցանք համոզել՝ նախ նկարուելու, ապա՛ ճամբայ ելլելու, վերադառնալու համար Ֆրեզնօ:

Տիկին Լուսինը մէկ այլ կարեւոր որոշում մը առած է… իր բնակարանը կտակել Հայ Դատին։