Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր

2000 Հոկտեմբերին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ կը սկսի գործել նոր բաժանմունք մը՝ մանկամսուրը, որ կը հանդիսանայ մանուկներու նախադպրոցական շրջանի բաժինը:

18 տարիներ ետք, Ապրիլ 2018-ին, շնորհիւ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու ազնուական նուիրատուութեան բացումը կը կատարուի արդիական առանձին մանկամսուրի մը՝ «Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»:

Մանկամսուրի արդիական այս կառոյցը կը գտնուի Ծաղկաձորի մէջ, Անթիլիասի հրապարակէն 2,5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մայր շէնքէն 200 մ. հեռաւորութեան վրայ:

Կառոյցը ունի ծովահայեացք դիրք, շրջապատուած է ծառերով եւ ունի կանաչապատ տանիք: Շինութիւնը կը համապատասխանէ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած, ինչպէս նաեւ՝ մանկամսուրի համաշխարհային չափանիշերուն:

1200 մեթր քառակուսի տարածքի վրայ գտնուող մանկամսուրը կը բաղկանայ միայարկանի երեք բաժանմունքներէ եւ կրնայ ընդունիլ 80-էն 100 երեխայ:  Ունի առանձին մուտք եւ ապահովութեան ու հսկողութեան դրութիւն՝ արդիական սարքերով եւ տեսախցիկներով: Կ’ընդգրկէ եօթ ընդարձակ ու լուսաւոր դասարաններ. իւրաքանչիւր դասարան իր կողքին ունի իր լուացարանն ու ննջասենեակը:

Փոքրիկներու բաժինը կը կոչուի ճուտիկներու բաժին. երեք ամսականէն մէկ տարեկան երեխաներու համար: Ճուտիկներու սենեակները կահաւորուած են յատուկ անկողիններով եւ փոքրիկներուն զգայարանները զարգացնող սարքերով ու խաղալիկներով: Միջակներու՝ այսինքն 1-էն 2 տարեկան երեխաներու բաժինը կը կոչուի մկնիկներու բաժին, իսկ մեծերու՝ այսինքն 2-էն 3 տարեկան երեխաներու բաժինը կը կոչուի նապիկներու բաժին. այս դասարանները օժտուած են փոքրիկներու յատուկ սեղաններով, աթոռակներով եւ դաստիարակչական զանազան խաղերու անկիւններով:

Մանկամսուրը այն վայրն է, ուր երեխան կը յարաբերի ու կ’ընտելանայ տարեկից փոքրիկներու հետ, կը սորվի  ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլ խաղալիկներն ու իր իրերը, ինչպէս նաեւ՝ վարուիլ  ու գործակցիլ ուրիշ երեխաներու հետ: Ան կը սորվի նաեւ տարրական գիտելիքներ, շրջապատուած գուրգուրոտ ու հոգատար անձնակազմով մը:

Մանկամսուրը ունի հիւանդապահուհի մը, ընդհանուր պատասխանատու եւ օգնական մը:

«Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»ը կը սկսի գործել 1 Սեպտեմբեր 2018-ին: Գործունէութեան առաջին տարուան աւարտին 74 փոքրիկներ կը յաճախեն մանկամսուր:

Facebook Page: https://www.facebook.com/djemaran.nursery/

Website: www.arslaniannursery.com