«ՔՈՒՆՀԱՏԻ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։

18 տարեկանին ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած Հատիին պատմութիւնը լսելէ ետք, աշակերտները իրազեկ դարձան ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն եւ ճանապարհային արկածներու պատճառներուն ու անոնց հասցուցած վնասներուն։

Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ գործնական աշխատանքով մը։ Աշակերտները յուզուած, բայց գոհունակութեան զգացումով տուն մեկնեցան։