ՍԵՒԱԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի 2005-2006 տարեշրջանի շրջանաւարտ Սեւակ Պապիկեան: Ան իբրեւ ճարտարագէտ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ուր նաեւ կը դասախօսէ:

Սեւակ Պապիկեան աշակերտներուն ներկայացուց իր կատարած եւ 3D ձեւաչափով գործող տպագրական գիւտը, որուն շնորհիւ ան հասած է «Stars of science» միջազգային մրցանքի եզրափակիչ հանգրուան:

Պապիկեան մանրամասն խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին: Ան ըսաւ, որ յաջողութեան գաղտնիքը առանց յուսահատելու յարատեւ աշխատանքի եւ կատարելագործման ձգտելու մէջ է:

Աւարտին, Սեւակ Պապիկեան խնդրեց աշակերտներէն, որ քաջալերեն զինք եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ քուէարկեն իր իրագործման: