ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017-ին, Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան: Յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր ժապաւէնի բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանը:

Լսարանական Միութեան նախագահ Նանի Գալուստեան ողջունեց հիւրը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր կենսագրութեան ու իրագործումներուն մասին, ապա Պարէտ Մարոնեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն միաժամանակ մանրամասնութիւններ փոխանցելով ժապաւէնի նիւթին, պատրաստութեան տեւողութեան ու դժուարութիւններուն մասին:

Տնօրէնութեան հրաւէրով, հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սէրուժ Պաղտասարեան, որ պատրաստած է ժապաւէնին երաժշտութեան մեծ մասը։