ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽՄԲԱԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵՆԷՆ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութեան մշակութային խմբակը հիւրընկալեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Ռիթա Մարոնեանը, որ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց գծագրելու օգտակարութիւնը մարդու հոգեկան եւ մտային  կարողութիւններուն վրայ:

Ռիթան բարձրագոյն ուսման հետեւելով հանդերձ վրձինը երբեք վար չէ դրած ձեռքէն: Ան հաճելի զրոյց մը ունեցաւ խմբակի անդամներուն հետ, որոնք հետաքրքրութեամբ եւ հպարտութեամբ լսեցին Ռիթային փորձառութիւնն ու թելադրանքները: