ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան, որ յայտնեց 2015-2016 տարեշրջանին միութեան կատարած ձեռնարկներուն ընթացքը եւ նշեց որ վարչութիւնը իր կարելին ըրաւ, որպէսզի յաջող գործունէութիւն ունենայ:

Լսարանական Միութեան գանձապահ Քրիսթէլ Յովսէփեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 5 140 000 Լ.Ո.: Այս գումարէն 140 000 Լ.Ո. փոխանցուեցաւ յառաջիկայ տարուան Լսարանական Միութեան, իսկ մնացեալը նուիրուեցաւ Սաներու ֆոնտին:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ վարչութեան գործունէութեան քննարկում: