ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները նախորդ տարուան նման կը շարունակեն ազգային եւ մշակութային տօներն ու յատկանշական իրադարձութիւնները նշելու իրենց յանձնառութիւնը: Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2017-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ԺԲ. դասարանէն Լալէ Չափարեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին, ապա պատմական ակնարկով…

ՉՈՐՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՃԻՄՆԱԶԻԱՏ-2017»-ԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ին, կը սկսի արաբական դպրոցական մարմնամարզութեան Ա. ախոյեանութիւնը՝ «Ճիմնազիատ-2017»ը: Մասնակցող դպրոցականները բաժնուած են տարիքային երկու խմբակներու՝ 12 եւ 14 տարեկանէն վար տղաք եւ աղջիկներ: Յաջողութիւն կը մաղթենք այս ախոյեանութեան մասնակցող Ճեմարանի չորս աշակերտներուն՝ Քրիստ Պարսումեանին եւ Նարօտ Կիւրիւնլեանին (մարմնամարզութիւն), Շանթ Ահարոնեանին (գունդ նետել) եւ Լէա…

«ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ»

Ուրբաթ, 25 Օգոստոս 2017-ին աւարտեցաւ Ճեմարանի «Ամառնային պարտէզ» դպրոցը, ուր յաճախեցին տարիքային երկու խմբաւորումներու բաժնուած երեխաներ: Երկու ամսուան ընթացքին երեխաները հետեւեցան դաստիարակիչ ծրագիրի մը, որ կ’ընդգրկէ   պատմութիւն, գիտական եւ թուաբանական գիտելիքներու խաղեր, հոգեշարժական աշխատանքներ, մարզական խաղեր, ձեռային աշխատանք, խոհանոցային հմտութիւններ, լողաւազան, պտոյտներ, եւայլն: Երեխաները «Ամառնային պարտէզ»ի ընկերական ջերմ…