ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 5 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան,…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊՐԸՎԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 38 աշակերտներէն յաջողած են 37: 21 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (2 շատ լաւ, 11 լաւ, 8 բաւական լաւ): Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը. ԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ. Աշգարեան Նարէ, Ադամեան Նարօտ, Պասմաճեան…