News – Djemaran

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, 75 ԱՌ 100՝ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 24 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (4 շատ լաւ, 12 լաւ, 8 բաւական լաւ):

Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.

Ատուրեան Կայէլ (լաւ), Արբաճեան Հրակ, Աքօղլանեան (Ճերմակեան) Վարագ, Բակլայեան Լոռի (շատ լաւ), Գասապեան Շուշի (շատ լաւ), Գիլէճեան Սելին (շատ լաւ), Զարմէնեան Վահագն, Թահմիզեան Մէյրի (լաւ), Թաշճեան Գորիս, Թաշճեան Սիփան, Ժագմագեան Լիզա (բաւական լաւ), Խանճեան Կի (բաւական լաւ), Կարապետեան Ժան (բաւական լաւ), Կիրակոսեան Վիքի (լաւ), Ղազարեան Մարգրիտ (լաւ), Մաթոսեան Սեպուհ (լաւ), Մահտեսեան Սարին (բաւական լաւ), Մարկոսեան Նանօր, Մարկոսեան Օրօր (լաւ), Մինասեան Տանիէլ (բաւական լաւ), Մինասեան Քրիսթել (բաւական լաւ), Միսիսեան Արազ, Միքայէլեան Աւետիս (լաւ), Չափարեան Արի (լաւ), Չերքէզեան Նարեկ, Պաղտասարեան Պաղտիկ (բաւական լաւ), Պասմաճեան Արամ (բաւական լաւ), Պեզճեան Զուլալ (լաւ), Պորոյեան Վայք (լաւ), Սապունճեան Հրակ (լաւ), Քէշիշեան Ալիք (շատ լաւ), Քիլիսլեան Քրիսթինա (լաւ):

Բարձր կը գնահատենք մեր շրջանաւարտները, որոնք այս դժուար պայմաններուն մէջ, հակառակ ֆրանսական պաքալորէան ներկայացնելու շաբթուան մը անորոշ վիճակին, ի վերջոյ շատ լաւ արդիւնքներ ապահովեցին եւ տիրացան միաժամանակ նաեւ լիբանանեան պաքալորէայի հաստատագիրներուն:

Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները, ծնողները եւ Ճեմարանի անձնակազմը:

Տնօրէնութիւն

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքապետութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:

Հանդէսը սկսաւ Կայէլ Ատուրեանի «Աչքդ գոցէ բաց» սրտի խօսքով, որուն ընկերակցեցաւ Լիզա Ժագմագեան նշանի լեզուով: Ապա Քրիսթել Մինասեան հանդէս եկաւ «Տարիները անցան» դաշնամուրի գեղեցիկ նուագով, որմէ ետք աւարտական դասարանի աշակերտները խնդրեցին իրենց ծնողներէն ոտքի կանգնիլ, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկ նուիրեց իր ծնողքին:  ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը ընթերցեց Մեղրի Գասապեան: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մեր դպրոցին վերջին յարկը պարզապէս կամուրջ մըն է, որուն սկիզբն է Ճեմարանը, իսկ աւարտը՝ ապագան: Դուք այս կամուրջին վրայէն անցաք ամբողջ տարուան ընթացքին, եւ հիմա հասաք անոր աւարտին՝ ձեր հայեացքները ուղղելով դէպի նորանոր փորձառութիւններ, նոր յիշատակներ եւ նոր ընկերութիւններ՝ մէկ խօսքով, դէպի փայլուն ապագայ, որուն մէջ բարձր դիրքեր նուաճելու համար ձեր զէնքերէն մէկը պիտի ըլլայ Ճեմարանի մէջ ձեր սորված արժէքներուն ամբողջութիւնը: 11-րդ դասարանի աշակերտներս ձեզի կը մաղթենք բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ: Չմոռնամ ըսելու՝ մի՛ մոռնաք երբեմն կամուրջին այս կողմը վերադառնալու եւ մեզի այցելելու»: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Հրակ Արբաճեանի «Fantaisie impromptu» (Chopin) նուագի բարձրորակ կատարումով: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի ուղերձը ընթերցեցին Լոռի Բակլայեան եւ Արի Չափարեան: Լոռի Բակլայեան ըսաւ. «Երբ դպրոցէն դուրս խօսիմ Ճեմարանի մասին, կը զարմանան, թէ ի՛նչպէս այսպիսի սիրելի կապ մը ունիմ դպրոցիս հետ: Շատեր չեն հասկնար… անշուշտ թէ դժուար է հասկնալը, երբ մէկը չէ ապրած այս պատկանելիութիւնը… Ճեմարա՛ ն, դո՛ւն եղար ամէնէն մեծ յուզումն ու ջերմ փաթթուկը: Ճեմարանը աւարտելը անբացատրելի երախտապարտութիւն մըն է: Շնորհակալ եմ այս բոլոր տարիներուն, ցը՜ Ճեմարան»: Իսկ Արի Չափարեան աւարտեց ըսելով. «…Ո՜ւր ալ գտնուինք՝ Ճեմարանը կ՚ապրի մեր մէջ։ Կ’ապրի, երբ կը շարունակենք աշխատիլ յանուն ազգային հաւաքական մեր նպատակներուն իրագործման: Կ’ապրի, երբ մեր առաջնահերթութիւնը կ’ըլլայ պահպանել եւ տէր կանգնիլ մեր մայրենիին,  հայ մշակոյթին եւ անշուշտ մեր ազգային խորհրդանիշներուն՝ մանաւանդ Արարատի՛ն»: Ուղերձէն ետք աւարտական դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Ճեմարանը մենք ենք» խմբերգով: Այնուհետեւ Սարին Մահտեսեան տպաւորիչ ոճով ասմունքեց Ռ. Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որուն ընկերակցեցաւ Սելին Գիլէճեան «Էլեկիա» նուագի հմայիչ կատարումով: Մարգրիտ Ղազարեանի դիւթիչ ձայնով «Կենացդ Արարատ» երգը, ընկերակցութեամբ խումբ մը դասընկերներու, խորապէս յուզեց ներկաները, որոնք Արարատը տեսան ոչ միայն Ճեմարանի բեմական յարդարումին գագաթը բազմած, այլեւ՝ իւրաքանչիւր ճեմարանականի հոգւոյն խորը մխրճուած: Երգեցողութեան ժամանակ ցուցադրուեցան Ճեմարանի նախորդ երեք տարիներու յատկանշական աշխատանքներէն՝ Արցախի օրը, Արարատի օրը եւ Հայաստանագնացութիւնը: Հետաքրքրական էր «Մենք՝ 12 տարիներ առաջ» տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ուր մանկապարտէզի իրենց հանդէսի աւարտին, շրջանաւարտները Արա Գէորգեանի «Լեռնապար»ը ներկայացուցած էին նուագախումբով: Ապա «Մենք՝ հիմա» գրութենէն ետք, Կայէլ Ատուրեան, Լոռի Բակլայեան, Շուշի Գասապեան, Մէյրի Թահմիզեան, Վիքի Կիրակոսեան, Նանօր Մարկոսեան, Օրօր Մարկոսեան, Քրիսթել Մինասեան, Արազ Միսիսեան, Ալիք Քէշիշեան, Քրիսթինա Քիլիսլեան եւ Նարեկ Չերքէզեան հրապուրեցին ներկաները ա՛յս անգամ պարելով Արա Գէորգեանի «Լեռնապար»ը: Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին ցոցադրուեցաւ աւարտական դասարանի տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աշակերտներուն առօրեայէն պատկերներ, մտերմիկ պահեր եւ իրենց ստորագրութիւնները կրող իւրայատուկ ցուցանակներ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար:

Շուշի Գասապեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Աւետիս Միքայէլեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի ընկերաբանութեան-տնտեսագիտութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացան Սեպուհ Մաթոսեան եւ Վայք Պորոյեան: Աւարտական դասարաններու  հայերէնի լաւագոյն աշխատանքի «Սօսի յիշատակի ‎ֆոնտ»ի մրցանակին արժանացան Մարգրիտ Ղազարեան եւ Սարին Մահտեսեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Քէշիշեան եւ Օրօր Մարկոսեան: Գերազանց արդիւնք ապահովողի ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Շուշի Գասապեան եւ Վայք Պորոյեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Սելին Գիլէճեան: ԺԲ. դասարանի Ջահակիրի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութիւն բերած աշակերտի մրցանակին արժանացան Սելին Գիլէճեան եւ Լոռի Բակլայեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Մէյրի Թահմիզեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացան Գորիս Թաշճեան եւ Սիփան Թաշճեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Լիզա Ժագմագեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Մարգրիտ Ղազարեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացան Քրիսթել Մինասեան եւ Արազ Միսիսեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Զուլալ Պեզճեան, Ալիք Քէշիշեան, Վահագն Զարմէնեան եւ Կի Խանճեան: Ժ. դասարանի հայերէնագիտական նիւթերու շատ լաւ աշխատանքի եւ միութենական կեանքի մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ու ներդրում ունեցողի «Նժդեհ Մերտխանեան» մրցանակը ստացաւ Լիմ Լիպարեան: Երկրորդական բաժինի ճարտասանութեան «Զարուհի Գունտաքճեան Գայայեան» մրցանակին արժանացաւ Վիքի Կիրակոսեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» եւ միջնակարգի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարպիս Մելքոնեան» մրցանակներուն արժանացաւ Նարեկ Շիրէճեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Մարի Լին Ժաքմաքեան եւ Կէրի Թահմիզեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան»  մրցանակին արժանացաւ Քամի Աշգարեան:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին,  Փաուլա Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս մրցանակները փոխանցող Ճեմարանի բոլոր բարեկամներուն եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողներն ու ուսուցիչները ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ապա փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը:

Ան ըսաւ. «Այսօր, կը հնչէ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական վերջին զանգը եւ Ճեմարանաւարտներու փաղանգին կը միանան 32 երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք քիչ առաջ ծաղկեցուցին այս բեմը իրենց պատրաստած ելոյթներով: 3 Մարտ 1930-ին, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր դաժան եւ անշրջանցելի պայմաններու մէջ, Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը մտաւորականներ յղացան Սփիւռքի մէջ Հայ Ճեմարան մը հիմնելու միտքը. անոնք յղացան Սփիւռքի մէջ փոքրիկ Հայաստան մը ունենալու գաղափարը՝ լաւ մարդն ու տիպար հայը կերտելու տեսլականով:  Ապա, յանդուգն ու հաստատ քայլերով հիմնուեցաւ մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանը, որ 96 տարիներէ ի վեր իր իւրայատուկ դրոշմը դրած է Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն: Կրթական հաստատութիւն մը կը ներկայացնէ ժողովուրդի մը բաբախուն սիրտը, ժողովուրդի մը անմար յոյսը եւ ժողովուրդի մը լուսաւոր ապագան: Ճեմարանը այն սիրտն է, որ կը բաբախէ հայօրէն: Ճեմարանը այն յոյսն է, որ խիզախօրէն կը յառաջանայ հոսանքն ի վեր հակառակ բազամաթիւ մարտահրաւէրներուն: Ճեմարանը այն ապագան է, ուր կը տեսնենք մարդկային արժէքներով ու հայեցի դաստիարակութեամբ զինուած Ճեմարանականը, որ իր շինիչ ներկայութիւնն ու ներդրումը միշտ կ՛ունենայ ազգային, հասարակական եւ մասնագիտական այլազան մարզերէ ներս:»: Շեշտելով Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը, տնօրէնուհին ըսաւ. «Վերջին այս երեք տարիներուն Ճեմարանը եղաւ Սփիւռքի մէջ գործող առաջին օճախը, ուր Փետրուար 2024-ին նշուեցաւ Արցախի նուիրուած յատուկ օրը, որ վերապրեցուց Արցախը իր մշակութային արժէքներով,  երգով, պարով, բոյրերով, գոյներով,  Մամիկ-Պապիկով: Ճեմարանը դարձեալ եղաւ Սփիւռքի մէջ առաջինը, ուր Հոկտեմբեր 2025-ին նշուեցաւ Արարատի նուիրուած յատուկ օրը, բարձրաձայնելով ամէնուրեք որ «մենք, միայն մե՛նք Արարատ ունենք»: Իսկ Մայիս 2026-ին, Ճեմարանը եղաւ Լիբանանահայ առաջին վարժարանը, որ  իր հայեցի կրթութեան ծրագիրին մէջ ներառեց ամբողջ դասարանի մը Հայաստանագնացութիւնը, աշակերտներոուն մօտ ամրապնդելով պահանջատէր հայու ոգին եւ հայրենիքի սէրը: Այսօր, աւելի քան երբեք, հայ դպրոցը անհրաժեշտութիւն մըն է հայութեան գոյապայքարին համար»: Անդրադառնալով անցնող տարեշրջանին, տնօրէնուհին շարունակեց. «Ամէն օր մենք կը գտնուինք նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց, երկրի պատերազմական իրավիճակը, անապահովութիւնն ու անոր ստեղծած ճնշուածութիւնը եւ ընկերային ու տնտեսական այազան դժուարութիւնները: Այս տարեշրջանը դիւրին չէր. մտահոգութիւնները առկայ են բոլորիս քով  մինչեւ օրս, սակայն գերադասելով մարդկային արժէքները, հայ ինքնութիւնը եւ բարձրորակ կրթութեան կարեւորութիւնը, մեր ամբողջ անձնակազմը  նուիրուեցաւ այս առաքելութեան: Պատահական չէ, որ մենք մեր մասին խօսելու ժամանակ մենք մեզ կ՛անուանենք Ճեմարանի մեծ ընտանիք: Այո՛: Մեր դպրոցէն ներս եւ դպրոցին համար գործող իւրաքանչիւր ուսուցիչ, պաշտօնեայ կամ օժանդակ կը պատկանի այս գաղափարի նուիրական ընտանիքին, ուր հաւաքական ճիգերով եւ ձեռք-ձեռքի տալով կը ձգտինք լաւագոյնին: Գուլիսներուն ետին գործող այս անձինքն են Ճեմարանի սիւները: Քանի մը տողերով կարելի չէ ներկայացնել ամբողջ տարեշրջանի մը ընդարձակ ու բեղուն գործունէութիւնը, սակայն շատ ամփոփ կարելի է ըսել, որ Ճեմարանը քայլ պահեց Ֆրանսական եւ լիբանանեան պաքալորէաներու բոլոր նորութիւններուն հետ եւ միջնակարգէն ներս կիրարկեց նաեւ ֆրանսական պրէօվէի ծրագիրը: Հպարտօրէն յայտարարենք նաեւ, որ մենք եղանք ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող այն ընտրուած վարժարաններէն մէկը, որ մասնակցեցաւ Լիբանանի առաջին տիկնոջ տիկին Նըըմաթ Աունի հովանաւորած քաղաքացիական դպրոցի աշխատանքներուն եւ արժանացանք յատուկ գնահատականի: Մեր աշակերտները մասնակցեցան արտադասարանային բազմաթիւ աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ ապահովեցին համալսարանի մուտքի քննութիւններու աննախընթաց փայլուն արդիւնքներ: Այս տարեշրջանին, կարողացանք նաեւ ամբողջացացնել շինարարական մեծ ծրագիր մը, կառուցելով Ճեմարանի մայր շէնքի նոր ճաշասրահը, ուր օրական նախաճաշի եւ ճաշի դրութիւն ստեղծուեցաւ ամբողջ աշակերտութեան եւ անձնակազմին»: Ապա տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ Ճեմարանի նեցուկ կը կանգնին եւ իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն սերունդներու պատրաստութեան: Ան երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց Ճեմարանի ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմին, իր ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքին եւ անսակարկ նուիրուածութեան համար: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իրենց զաւակները Ճեմարանին վստահած ընտանիքներուն:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Տասը տարիներ առաջ, երբ ստանձնեցի Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, առաջին խօսքերս եղան հետեւեալները. Ճեմարանի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելը, սովորական պատասխանատութիւն մը չէ, այլ շատ յանձնառու առաքելութիւն մը: Հիմա, նոյնը կ՛ըսեմ ձեզի՝ սիրելիներ, Ճեմարանաւարտ ըլլալը սովորական պատասխանատուութիւն մը չէ, այլ շատ մեծ պարտաւորութիւն մը: Իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր աւարտը, բայց իւրաքանչիւր աւարտ կը բանայ նոր էջ մը եւ կը բանայ նոր հորիզոններ. այսօր ձեր դպրոցական կեանքի աւարտը նոր սկզբնաւորութիւն մըն է. կեանքի այս նոր հանգրուանը նոր դպրոց մըն է ձեզի համար: Կեանքը դիւրին չէ եւ շատ յաճախ ալ արդար չէ. կան խոչընդոտներ, դժուարութիւններ եւ ձախողութիւններ, բայց կեանքը նաեւ գագաթներու նուաճում մըն է. գագաթներ, զորս կարելի է նուաճել աննկուն կամքով եւ հետեւողական աշխատանքով: Մի՛ վախնաք այդ գագաթներէն. մի՛ վախնաք երազելէ. այդ երազները կ՛իրականանան եթէ ըլլաք խստապահանջ ու կարգապահ դուք ձեր անձերուն նկատմամբ: Աշխատասիրութեամբ, լայն համբերութեամբ եւ պատասխանատու գիտակցութեամբ բարձրացէք քայլ առ քայլ: Թող այս վկայականը ըլլայ ձեր ապագայ ծրագիրներուն եւ նուաճումներուն մեկնակէտը: Հեռու մնացէք կեղծիքէն, ցուցամոլութենէն, նիւթապաշտութենէն, փառասիրութենէն, կողմնակալութենէն ու խաբեբայութիւններէն: Եղէք շրջահայեաց եւ լայնախոհ,

աշխատասէր ու ծառայասէր, ընկերասէր, պարկեշտ ու համեստ: Եղէք ազնիւ ու պարզ,

երախտապարտ եւ գոհունակ, արդարամիտ, ինքնավստահ ու հպարտ: Եղէք վե՛հ Արարատին նման: Եղէք հայ ընտանիքի, դպրոցի, լեզուի, հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ աւանդութիւններուն եւ մանաւանդ «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարան»-ի պահապանները: Թող ժպիտը ըլլայ միշտ ձեր դէմքերուն վրայ: Մնացէք առողջ: Ձեզի կը մաղթեմ, յաջողութիւն, բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ»:

Իր խօսքէն ետք, Փաուլա Եղիայեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Ատուրեան Կայէլ, Արբաճեան Հրակ, Աքօղլանեան (Ճերմակեան) Վարագ, Բակլայեան Լոռի, Գասապեան Շուշի, Գիլէճեան Սելին, Զարմէնեան Վահագն, Թահմիզեան Մէյրի, Թաշճեան Գորիս, Թաշճեան Սիփան, Ժագմագեան Լիզա, Խանճեան Կի, Կարապետեան Ժան, Կիրակոսեան Վիքի, Ղազարեան Մարգրիտ, Մաթոսեան Սեպուհ, Մահտեսեան Սարին, Մարկոսեան Նանօր, Մարկոսեան Օրօր, Մինասեան Տանիէլ, Մինասեան Քրիսթել, Միսիսեան Արազ, Միքայէլեան Աւետիս, Չափարեան Արի, Չերքէզեան Նարեկ, Պաղտասարեան Պաղտիկ, Պասմաճեան Արամ, Պեզճեան Զուլալ, Պորոյեան Վայք, Սապունճեան Հրակ, Քէշիշեան Ալիք, Քիլիսլեան Քրիսթինա:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու տեսերիզով, ուր փոքրիկները ներկայացուցին մանկապարտէզը եւ իրենց առօրեան: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան տեսերիզի աւարտին բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Այսօր մեր փոքրիկները քիչ մը յուզուած, քիչ մը ուրախ, մնաս բարով պիտի ըսեն իրենց սիրելի մանկապարտէզին եւ պիտի անցնին տարրական բաժին»:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Սէրը մեր փոքրիկ սրտերուն մէջ»:  Իւրայատուկ բեմականացումով, փոքրիկները գունաւոր հագուստներ հագած երգերով, պարերով ու խօսքերով ներկայացուցին սէրը՝ ընկերասիրութեան մէջ, մեծ մայրիկին հացին մէջ, բնութեան մէջ, կենդանիին մէջ, երաժշտութեան մէջ եւ ի վերջոյ՝ Հայրենիքի սէրը: Ակներեւ էր փոքրիկներուն ինքնավստահութիւնը եւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսքի իրենց տիրապետումը: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ կապոյտ դասարաններու փոքրիկները երեք պարերով: Գունագեղ տարազները, լուսաւորումը, երաժշտութիւնն ու նուագախումբը հանդիսատեսները փոխադրեցին զգացումներու  աշխարհ։ Արդի արհեստագիտութիւնը մեծ դեր ունէր հանդէսին ընթացքին։ Ամբողջ յայտագիրի տեւողութեան, փոքրիկներուն ետեւի պաստառին վրայ կը ցուցադրուէին նիւթին համապատասխան տեսերիզներ ու պատկերներ, որոնց մեծ մասը պատրաստուած էր ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներով։

Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները ջերմօրէն շնորհաւորեցին իրենց հայրերու տօնը՝ անոնց նուիրելով սրտաձեւ փուչիկներ։ Ապա «Մնաս բարով, մանկապարտէ՛զ» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, փոքրիկները բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնցմէ ստացան յուշանուէրներ: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ կանաչ դասարանի 28 աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ճերմակեան Հէլէն, Արոյեան Կասիա, Աւետիս Լիանա, Տէր Պետրոսեան Կառնի, Ժամկոչեան Սառա, Գավլաքեան Կալի, Քէպապճեան Վանա, Քիուանեան Լիանա, Աղուորեան Լէա, Պիթարեան Կալիա, Հատշիթի Միքայէլլա, Նիկողոսեան Արիա, Աւագեան Ռուբէն, Յակոբեան Ճորճ, Գույումճեան Ալեքսանտր, Մանուկեան Հրակ, Մեսրոպեան Հայկ, Թոնդեան Շանթ-Բենօ, Պաղտիկեան Զարեհ, Պուարի Հայկ, Տէր Պետրոսեան Վայք, Տէր Թորոսեան Նօուա, Մանտալեան Նարեկ, Սաղպազարեան Փայլակ, Սեմէրճեան Ալեքս, Սիբիլեան Ճօշուա, Թանկուքեան Դրօ, Զիննէթեան Կարօտ:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Ռ. ԵՒ Ա. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ մանկական անմեղ ժպիտներու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, Ուրբաթ 19 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00- ին Համազգայինի Ռ. եւ Ա. Արսլանեան մանկամսուրի բակէն ներս տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը:

Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նապիկ դասարանի 38 փոքրիկները, որոնք երգերով ու պարերով ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված ու ապրած ուրախ պահերը:

Անոնց ինքնավստահ քայլերը, անմեղ ժպիտներն ու անկեղծ արտայայտութիւնները ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ մը՝ արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:

Հանդէսին տպաւորիչ պահերէն մէկը էր, երբ 38 շրջանաւարտ փոքրիկներ հաստատ քայլերով բարձրացան բեմ եւ ստացան իրենց կեանքի առաջին գեղեցիկ վկայականը, որ իրենց դիմաց բացաւ նոր ճանապարհ: Անոնք ծաղկեցան, մեծցան եւ արդէն պատրաստ են միանալու Նորսիկեան մանկապարտէզին:

Մեծ մայրերու, մեծ հայրերու եւ ընտանիքներու ներկայութիւնը աւելի եւս ջերմացուց հանդիսութիւնը, զայն վերածելով յիշատակելի օրուան մը:

Մանկամսուրի վկայական ստացան հետեւեալ փոքրիկները.

Նանոր Արոյեան, Նարօտ Գասպարեան, Սերժիօ Կոճիքեան, Էվա Գարամանուկեան, Վարագ Զիննէթեան, Համբիկ Սուսանի, Ծիլա Մարկոսեան, Սերժ Եանպէքեան, Սէրլի Եանպէքեան, Լիանա Բագրատունեան, Նարեկ Ապաճեան, Սարհատ Ադամեան, Օսէա Տօնապետեան, Ճոն Գարապաշեան, Քրիս Ֆատտուլ, Շողեր Զէյթճեան, Ալեք Խտրլարեան, Սոֆիա Պու Անթուն, Գլարիթա Պաժանեան, Մաթիա Չիֆճեան, Ուիլիամ Արսլանեան, Սանան Մելքոնեան, Լոռի Ուաքիմեան, Թէօ Տէր Դաւիթեան, Կրէկօրի Նալպանտեան, Բալենի Սամմաք, Լէթիսիա Յակոբեան, Մայքըլ Հաննա, Րաֆֆի Յակոբեան, Սոֆի Գավլաքեան, Դրօ Վարդանեան, Կայա Տէքերմենճեան, Քամի Ալթունեան, Մաթէօ Սողոմոնեան, Սիլա Հէյպէլեան, Վարագ Յովսէփեան, Գայա Շաթոյեան, Էլի Գասարճեան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները Ճեմարանի ընկերային ծառայողներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը եւ զրուցեց աշակերտներուն հետ։

Աշակերտները իրենց հանդէսի հրաւէրը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, ապա Առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի ընկերակցութեամբ շրջեցան կառոյցի զանազան բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ ստացան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան մասին:

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի այս այցելութիւնը կը միտի կեանքի նոր հանգրուանի սեմին գտնուող աշակերտները իրազեկ դարձնել Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, որպէսզի հետագային իրենք եւս ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարելիութիւններուն ներդրում ունենան ազգային կեանքին մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ
2025-2026 տարեշրջանին Լիբանանի 150 դպրոցներ, որոնց շարքին՝ հինգ հայկական վարժարաններ, ընտրուեցան մասնակցելու Լիբանանի Առաջին տիկնոջ «Քաղաքացիութեան դպրոցը» նախաձեռնութեան, փորձառական անդրանիկ տարեշրջանի մը համար:

Այս ծրագիրին նպատակն է դպրոցներէն ներս զարկ տալ քաղաքացիական գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան: Տարուան ընթացքին Ճեմարանի տնօրէնուհին եւ երկու ուսուցչուհիներ մասնակցեցան նախապատրաստական յատուկ աշխատանոցներու: Ապա տարբեր աշխատանքներու ընդմէջէն ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ դպրոցէն ներս:

«Քաղաքացիութեան դպրոցը» ծրագիրին այս տարուան աշխատանքներուն փակումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի 18 Յունիս 2026-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի, շնորհակալութիւն յայտնելու կատարուած աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան համար: Աւարտին, գնահատանքի եւ պատուոյ յուշանուէրներ յանձնուեցան բոլոր տնօրէններուն:

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄ ԿԷՐԻ ԹԱՀՄԻԶԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍՕՍԷ ՍԵՓԷԹՃԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» աշակերտական մրցումին Ճեմարանի Է. դասարանի աշակերտ Կէրի Թահմիզեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Զ. դասարանէն Սօսէ Սեփէթճեան՝ երրորդ: Մասնակցող աշակերտները ստացան հաստատագիր։

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները ցուցադրեցին իրենց գիտական աշխատանքները, որոնք պատրաստուած էին ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։

ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԹՈՒԱՅԻՆ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ
Այսօր, համացանցը, ընկերային ցանցերն ու առցանց խաղերը դարձած են մեր առօրեային անբաժան մասը։ Սակայն, երբեմն այդ կապուածութիւնը կը վերածուի մոլութեան (addiction)՝ խլելով մեր ժամանակը, քունն ու կեդրոնացումը։

Այս վտանգին դէմ արթնութիւն ստեղծելու համար, Ը. դասարանի ֆրանսական ծրագիրին հետեւող  չորս աշակերտները Քաղաքացիական Դաստիարակութեան (EMC) դասընթացքի ընդմէջէն խորացան այս նիւթին շուրջ։ Անոնք ուսումնասիրեցին, թէ ի՛նչպէս համակարգչային ծրագիրները (algorithms) զիրենք կամազուրկ կը դարձնեն եւ կը մղեն ժամեր շարունակ պաստառին դիմաց մնալու։

Որպէսզի այս պատգամը հասնի իրենց ընկերներուն, աշակերտները պատրաստեցին ինքնատիպ եւ տպաւորիչ պաստառներ։ Այս գծագրութիւններն ու կարգախօսները կը հրաւիրեն իւրաքանչիւրս մտածելու մեր սովորութիւններուն մասին եւ վերագտնելու իրական կեանքի գեղեցկութիւնը։

Մեր աշակերտներուն պատրաստած պաստառները մեզի կը յիշեցնեն՝ տէ՛րը դառնալ մեր ժամանակին, այլ ոչ թէ՝ գերին։

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտներուն տարեվերջի ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան ուսուցիչներուն հսկողութեամբ աշակերտներուն պատրաստած գիտական, աշխարհագրական, ձեռային եւ նկարչական ստեղծագործութիւնները։