Auditorium News – Djemaran

ՃԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ
Աշակերտներուն հրապարակային խօսքի կարողութիւնը զարգացնելու նպատակով, այս տարի ընթացք առաւ երկրորդական բաժինի ճարտասանութեան մրցանքը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան յայտարարեց մրցանքին մեկնարկը, ապա Լսարանական Միութեան պատասխանատուները ստանձնեցին մրցանքը վարելու, մասնակիցները պատրաստելու եւ ժամանակը կազմակերպելու աշխատանքները:

Մրցանքին մասնակցեցան իւրաքանչիւր  դասարանէ երեք աշակերտներ.

Ժ. դասարանէն՝ Ռիթա Ուրիշեան, Վան Պորոյեան, Միհրէ Տէր Ղուկասեան

ԺԱ. դասարանէն՝ Կարի Գանըր Հարպոյեան, Հայկ Ժերդիտեան

ԺԲ. դասարանէն՝ Կայէլ Ատուրեան, Վիքի Կիրակոսեան, Վայք Պորոյեան, Արի Չափարեան, Նարեկ Չերքեզեան:

Մասնակիցները մրցանքէն կէս ժամ առաջ ստացան իրենց ներկայացնելիք նիւթերը՝ ազգային, ընկերային կամ մարդկային արժէքներու վերաբերող:

Մրցանքին ընթացքին իւրաքանչիւր մասնակցողի տրամադրուեցաւ երեք վայրկեան՝ ներկայացնելու համար իր նիւթը: Աւարտին, դատական կազմը նախ գնահատեց բոլոր մասնակիցները, ապա ուսումնասիրելէ ետք իւրաքանչիւրին ներկայացման բովանդակութիւնը, լեզուն, առոգանութիւնը, կատարողականութիւնը եւ ժամանակի պահպանումը, յաղթական յայտարարուեցան հետեւեալ աշակերտները. Վիքի Կիրակոսեան՝ առաջին, Կարի Գանըր Հարպոյեան՝ երկրորդ, Ռիթա Ուրիշեան՝ երրորդ:

Այս մրցանքին առաջին հանդիսացողը՝ Վիքի Կիրակոսեան, կ’արժանանայ «Զարուհի Գունտաքճեան Գայայեան» մրցանակին, Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսին ընթացքին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մրցանքի դատական կազմի անդամներուն՝ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեանին, Աշոտ Բագրատունիին եւ Տօնիկ Տօնապետեանին:

ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՊՏՈՅՏ
Ուրբաթ 17 եւ Շաբաթ 18 Ապրիլ 2026-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան աւանդութիւն դարձած երկօրեայ պտոյտը Ֆարայայի «Tamer Land» պանդոկէն ներս:

Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը, միութեան ընդհանուր ժողովէն ետք տեղի ունեցաւ արշաւ, որմէ ետք պանդոկէն ներս խաղերը շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան ժամեր:

Շատ հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք, շաբաթ առտու երկրորդական բաժինի աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն յիշատակներով:

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած բարեկենդանի խրախճանքը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին:

Լսարանականները եւ Թ. դասարանի աշակերտները միասնաբար կերան, պարեցին ու երգեցին, հաճելի ժամանակ անցընելով Ճեմարանէն ներս:

ԲԱՆԱՎԷՃ` ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 9 Յունուար 2026-ին, լսարանականները չորս խումբերու բաժնուած մասնակցեցան «հայրենադարձութիւն» նիւթով բանավէճին։

Տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում թեր եւ դէմ կարծիքներով՝ զօրաւոր սփի՞ւռք թէ կազմակերպուած ներգաղթ հայրենիքը զօրացնելու նպատակով։

Հայրենադարձութեան գաղափարը պաշտպանողներուն կարծիքներէն.

– Հայաստանի իրավիճակը պիտի բարելաւուի, որովհետեւ ա՛յն սփիւռքահայերը, որոնք կ’ապրին յառաջադէմ տարբեր երկիրներու մէջ, պիտի կարենան իրենց գիտելիքներով նպաստել հայրենիքին բարգաւաճման։ Այս ձեւով, Հայաստանը պիտի զարգանայ արհեստագիտական մարզին մէջ, եւ ինչու չէ յառաջիկայ օրերուն պիտի ունենանք հայկական արդիական զինամթերք։

– Վերջին տարիներուն, հայերս կորսնցուցինք Արցախը, եւ Հայաստանի հողերէն մաս մը։ Հարենադարձութիւնը պիտի օգնէ քաղաքական ներկայ խնդիրները լուծելու համար։ Արդարեւ, եթէ հեռատեսութեամբ ուսումնասիրենք այս հարցը, հայրենադարձութեան շնորհիւ, քանի մը տարիներ ետք Հայաստանի մէջ պիտի կազմուին նոր ընտանիքներ, որոնց զաւակները իրաւունք պիտի ունենան քուէարկելու եւ ներդրում ունենալու քաղաքական կեանքին մէջ։ Այդ ձեւով՝ հայերս պիտի կարենանք ապազգային իշխանութիւնը փոխարինել եւ աշխատիլ երկրին հզօրացման համար։

– Թէեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սփիւռքահայութեան թիւը տակաւին մեծ է, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ հայութիւնը պահելու եւ Հայ Դատը պաշտպանելու ոգին հետզհետէ կը նահանջէ։ Ապագայ սերունդները ձուլուելու ու օտարանալու վտանգին ենթարկուած են։ Հետեւաբար, հայրենադարձութիւնը պիտի կարենայ խմբել աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերս, մեր ինքնութիւնը պահպանելու եւ կառչած մնալու համար մեր արմատներուն։

Հայրենադարձութեան դէմ եւ զօրաւոր սփիւռք պահելու գաղափարը պաշտպանողներուն կարծիքներէն.

-Ինչպէս Արցախի պատերազմին ընթացքին, Հայաստանի մէջ յաճախ ոչ հիւրընկալ  կեցուածք տեսանք, երբ Արցախցիները տեղափոխուեցան Հայաստան, վախ կայ որ նոյն հակազդեցութիւնը ըլլայ սփիւռքահայուն հանդէպ: Այսինքն՝ սփիւռքահայը Հայաստանի մէջ մնայ «սփիւռքահայ»:

-Ցեղասպանութենէն վերջ, հայ ժողովուրդը վերսկսաւ իր կեանքը օտար երկիրներու մէջ: Ան գործ ունեցաւ, տուն շինեց, հող ապահովեց եւ զօրաւոր գաղութներ կազմեց: Այս գաղութները երկար ատեն հեռուէն պահեցին Հայաստանն ու Արցախը իրենց բոլոր կարելիութիւններով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ նորէն խորհրդայնացման նման վտանգի մը դիմաց գտնուի Հայաստանը: Ո՞վ պիտի օգնէ եթէ մենք զոհենք գաղութները հայրենադարձութեան հաշուոյն:

-Հայկական անցագիրը կը ստիպէ հայ երիտասարդ տղաքը զինուորագրուելու, ապա՝ եթէ հարկ ըլլայ, պատերազմի մասնակցելու: Վերջին պատերազմին ականատես մեր սերունդը ի՞նչպէս պիտի նախընտրէ անձնազոհութիւնը յանուն հայրենիքի, երբ ան ականատես է նաեւ Հայաստանի պետութեան քաղաքականութեան:

-Այլ հարց, որ հայրենադարձութեան համաձա՞յն է եկեղեցին: Երկու կաթողիկոսութիւններուն մօտեցումը ի՞նչ է այս նիւթին, մանաւանդ որ ներկայիս Հայաստանի մէջ քաղաքականացած պայքար կայ կաթողիկոսութեան դէմ:

ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Կաղանդի խրախճանքը։

Լսարանականները երգերով եւ պարերով ստեղծեցին ճոխ մթնոլորտ մը, որմէ ետք յեղափոխական երգերով աւարտեցաւ խրախճանքը, եւ աշակերտները հրաժեշտ տուին 2025 տարուան:

ՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ ԵՒ ՀԱՐԻՍԱ
Ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները լիբանանեան համեղ նախաճաշէ մը ետք ճամբայ ելան դէպի Մեծամօր Զմմառու վանքը: Անոնք նախ մտան եկեղեցի, ուր լսեցին հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան եւ պատմութեան մասին, ապա այցելեցին անոր գինետունն ու հարուստ թանգարանը:

Պտոյտին յաջորդ հանգրուանն էր Հարիսայի Աստուածամօր արձանն ու անոր շրջակայքը: Հոն աշակերտները առիթը ունեցան ճոպանուղիով պտոյտ մը կատարելու, վայելելով սքանչելի տեսարանը: Վերջապէս, աշակերտները վերադարձան դպրոց, ուր քաջալերեցին Ճեմարանի տղոց ոտնագնդակի խումբը, բարեկամական մարզախաղի մը ընթացքին:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով.

‎-Ժ. դասարանէն՝ Պորոյեան Վան եւ Ղազար Ալիք:

‎-ԺԱ. դասարանէն՝ Քէօշկէրեան Կալի եւ Մխճեան Արմէն։

‎-ԺԲ. դասարանէն՝ Չափարեան Արի եւ Քիլիսլեան Քրիսթինա։

‎Լսարանական Միութեան աշակերտները 3 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը՝ ներկայութեամբ Միութեան պատասխանատուներուն:

‎Լսարանական Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ ԺԲ. դասարանէն՝ Վիքի Կիրակոսեան:

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ
Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան առաջին զարգացման մրցումը։ Լսարանականները բաժնուեցան մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ճեմարանականներու անունները կրող խումբերու եւ շատ մեծ խանդավառութեամբ պատասխանեցին վարչութեան կողմէ պատրաստուած այլազան հարցումներուն։ Մրցումի աւարտին յաղթական հանդիսացաւ Նժդեհ Մերտխանեան խումբը։

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2024-ին, Լսարանական Միութեան հաւաքին ընթացքին խօսք առին Ճեմարանի ընկերային ծառայողներ՝ Սիլվա Սողոմոնեան եւ Արին Գնտոյեան, եւ ներկայացուցին այս տարեշրջանի ծրագիրները, մասնաւորաբար՝ ուսման կողմնորոշման առնչուող նախաձեռնութիւնները եւ հանրային սպասարկութեան վերաբերող աշխատանքները:

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԻՆ ՎԻՃԱԿԸ ԱՅՍՕՐ
Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2024-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ Արեւիկ Փափազեան: Ան բնապահպանման դիտանկիւնէ ներկայացուց Սեւանայ լիճին վիճակը այսօր, խօսեցաւ ջուրի ապականումին եւ իշխանաձուկին մասին, ինչպէս նաեւ՝ մերձակայ գիւղերուն, գիւղացիներուն աշխատանքներուն՝ մասնաւորաբար ձկնորսութեան մասին։

Լսարանականները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ Սեւանայ լիճին մասին նոր գիտելիքներ ստացան: