«PORTES OUVERTES»

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առաւօտեան ժամը 8։00-էն 10:00 իրենց զաւակներուն հետ դասարան մտան եւ դիտեցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերը։

Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։