ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հայաստանի հրատարակիչներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ճեմարան: Հայրենի հիւրերը տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ տեսակցելէ ետք, շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանումները:

ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հոկտեմբեր 2014-ին, Ճեմարան այցելեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնէն ներկայացուցիչ մը: Ան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, եւ համագործակցութեան շուրջ զրոյց մը տեղի ունեցաւ: Այս այցելութեան առիթով, դպրոցը նուէր ստացաւ ճատրակի մագնիսական տախտակ մը, ինչպէս նաեւ՝ անոր համար օգտագործուելիք քարերը:

ՊՈԼՍՈՅ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2014-ին, Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբի անդամները այցելեցին Ճեմարան: Անոնք տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները: Երրորդ զբօսանքին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տնօրէնը աշակերտներուն ներկայացուց երգչախումբը, ապա աշակերտները առիթը ունեցան ըմբոշխնելու երկու երգ՝ «Վարդանանց»ի կատարողութեամբ:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Չորեքշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2014-ը վերամուտն էր Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտներուն: Սեպտեմբեր 17-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Անոնք Ճեմարանի քայլերգը երգելէ ետք, «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցիչներուն…

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2014-2015 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Ապա…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Մոնրէալի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հաւաքը, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, գործակցաբար Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը։ Տեղի ունեցան տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ զեկուցում, եղան լուսաբանական հարցումներ: Աւարտին, ընտրուեցաւ Ճեմարանականներու միութեան վարչութիւն։…

Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2014-2015 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի հին ու նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Գրասենեակները 1 Սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ կը գործեն ամէնօրեայ դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 8:00-13:00: Ծնողներէն կը խնդրենք փութացնել իրենց զաւակներուն արձանագրութիւնը: Վերաքննութիւններն ու նոր աշակերտներու քննութիւնները տեղի կ՛ունենան Է-էն ԺԱ դասարաններու համար` Չորեքշաբթի, 3 եւ Հինգշաբթի, 4…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ճեմարանի Թ. դասարանի աշակերտ Սէրուժ Յովսէփեան կ’արժանանայ համահայկական ասմունքի երրորդ փառատօնի երրորդ մրցանակին, որ տեղի ունեցաւ 4-էն 8 Օգոստոս, 2014-ին, Արցախի մէջ:

«ՄէԿ ԴԱՐ ԵՒ ԱՒԵԼԻ… » Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական հինգերորդ մրցոյթ-փառատօնի առաջին փուլի արդիւնքներ

Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական հինգերորդ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցող Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտներուն աշխատանքները անցած են երկրորդ փուլ. Գալին Գիլէճեան (Արարատի ստորոտին) Մարիա Տէմիրճեան (Փոքրիկները՝ մեր ապագան) Լոռի Յովսէփեան (Մշակոյթով յառա՛ջ) Էտուարտ Թաշճեան (Շէն գիւղը) Միլա Խաչատուրեան (Վերապրող սերունդ) Քրիստ Փափազեան (Բարգաւաճ հայրենիք) Ռիթա Իրատեան (Երազ Մասիս) Կարօ Գրիգորեան (Վերջալոյսէն արշալոյս) Երկրորդ…