«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»

Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները մեծ հաճոյքով բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Քաղաքավարութեան Վնասները»:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին, Ճեմարանի Երկրորդական բաժինի աշակերտները հանդիպում ունեցան Վիքիմեդիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան (www.wikimedia.am) նախագահ` Սուսաննա Մկրտչեանի հետ, որ աշակերտներուն ներկայացուց Արեւմտահայերէն վիքիպեդիայի ստեղծման ու զարգացման ծրագիրը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս աշակերտները կրնան ներդրում ունենալ արեւմտահայերէնի պահպանման համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս նախաձեռնութեան մէջ:

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ «ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 7 Մարտ 2015-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը: Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութեան անդամ Արամ Սոմունճեան նոր սերունդին ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը, ապա իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք ծանօթացուց ներկաներուն՝ նշելով իր ընտրած մասնագիտութիւնը կամ ասպարէզը: Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ նոր սերունդին կնքահայրը՝ Համազգայինի Կեդրոնական…

85 ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք՝ նշելու 3 Մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ Ճեմարանի 85 ամեակը: Դպրոցի զանազան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ խօսք առին եւ անդրադարձան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան այդ օրերուն երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագրին կարեւորութեան, Լեւոն…

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

Վաղը՝ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015-ին նախակրթարանի Զ. եւ Ե. դասարաններու ծնողական ժողովները տեղի պիտի ունենան նախատեսուածին պէս. Զ. դասարան՝ ժամը 9-ին Ե. դասարան՝ ժամը 11-ին: Տնօրէնութիւն

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները բարեկենդանը նշեցին Չորեքշաբթի 11 Փետրուար 2015-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր (մանկապարտէզի մէջ՝ աճպարարութիւն), խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցուցին։ Տարրական բաժինի բարեկենդանի նկարները…

Sed ut perspiciatis unde omnis iste natus error sit

Lorem ipsum dolor sit amet, consectetur adipiscing elit. Sed suscipit ligula ut dolor imperdiet accumsan. Fusce euismod, ante a imperdiet blandit, nulla justo porttitor mauris, eu consequat massa dolor nec ex. Phasellus vel eleifend lacus, vitae auctor neque. Vestibulum a magna ac neque finibus sollicitudin a egestas augue….

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին հռոմէական թատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։ Ժպէյլ քաղաք այցելութեան ատեն աշակերտները առիթը ունեցան նկարուելու աշխարհի…

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Դեկտեմբեր ամսուն, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնի քանի մը դասապահ տրամադրեցին երաժշտական գործիքներու ծանօթացման աշխատանքին: Աշակերտները նկարներ եւ գործիքներ բերին դասարան, խումբերով աշխատեցան եւ խոյզեր պատրաստեցին փչողական, հարուածային եւ լարային գործիքներու մասին: Խոյզերու ներկայացումէն ետք աշխատանքները տեղադրուեցան ցուցատախտակներու վրայ:

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի բնապահպանութեան խմբակը բոլոր դասարաններուն բոյս նուիրեց՝ շիշեր վերագործածելով:

«ՈՍԿԻ ԽՆՁՈՐԸ»

Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի Խնձորը» ներկայացումին՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները՝ Վահան Մանիսաճեան, Քրիստոֆ Մաքտեսեան, Կարէն Աֆարեան, Սեւակ Զարմէնեան, Լոռի Խաչատուրեան, Լիլա Մաքտեսեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գափլանեան, Կարէն Ճինպաշեան, Կարէն Խիւտավերտեան,…