ԱՇՈՒՆԸ ԵԿԱՒ ՄԻՐԳՈՎ ԱՌԱՏ…

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները աշնան պտուղներով աղցան պատրաստեցին ու ճաշակեցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի աշակերտները Լիբանանի նուիրուած երգերով եւ արտասանութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը: Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Լիբանանի քայլերգով:

“L’homme et le paysage au Liban. 200 000 ans d’adaptation”

Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցչուհի Շողիկ Փելթէքեանին եւ իրենց ուսողութեան ուսուցիչ Հրակ Խաչիկ Տէմիրճեանին, այցելեցին «Սէն Ժոզէֆ» եւ «Լիւմիէր Լիոն 2» համալսարաններու կողմէ կազմակերպուած «Մարդկութիւնը եւ Լիբանանի բնութիւնը. յարմարեցման 200 000 տարի» (L’homme et le paysage au Liban. 200 000…

ԽԱՉՔԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ին, Հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին խաչքարի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը եւ իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։

ՀՐԱԿ ԼԱԽԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ

Ազդակ օրաթերթ.- Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ գտնուող Փորթօ Քարաս ծովափնեայ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի 8-18 տարեկան դասակարգերու ախոյեանութիւնը: Լիբանանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներուն մէջ ամէնէն բարձր արդիւնքը ապահովեց 12 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մասնակցած Հրակ Լախեան: Այս դասակարգին մասնակցողներուն թիւն էր 202: Այստեղ յայտնենք, որ Հրակ Լախեան ապահովեց…

Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութիւնը Ճեմարանի մէջ

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Ճեմարան: Հայրենի հիւրերը գրադարանէն ներս հանդիպում ունեցան դպրոցի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց հիւրերը անդրադառնալով, որ Ճեմարանի եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի կապը կու գայ շատ հինէն՝ կրթական զոյգ հաստատութիւններու հասարակաց հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի շնորհիւ: Ան…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Ամերիկեան համալսարանի (A.U.B.) ընդունման գրասենեակէն Սապին Մելքիսէթեան ներկայացաւ Ճեմարան եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ A.U.B.-ի մուտքի պայմաններուն մասին: Ան պաստառի վրայ ցոյց տուաւ A.U.B.-ի տարբեր բաժիններն ու մասնագիտութիւնները: Վերջաւորութեան աշակերտները ստացան զիրենք մտահոգող հարցերուն լուսաբանական պատասխաններ:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վարդգէս Էսկիպաշեանի յիշատակին նուիրուած Քրոս Քաունթրի

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2015 – 2016 տարեշրջանի յայտագիրներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015-ին, Վարդգէս Էսկիպաշեանի անուան «Քրոս Քաունթրի»-ն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները. 2006 / 2007-ի ծնունդ աղջիկներ.- Քլէա Արապաղեան (երրորդ) 2006 / 2007-ի ծնունդ տղաք.- Հրակ…

ԽՈՀԱԳԻՐ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ին, ֆրանսերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս աւարտելէ ետք «խոհագիր»ի բնաբանը, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացումներ կատարեցին: Աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցին զանազան խոհագիրներ եւ հիւրասիրեցին իրենց ընկերները:

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն՝ Սանան Թապաքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Նարօտ Սերուժեան, Բալիկ Ծատուրեան, Կայա Գարամինասեան եւ Բալիկ Տէր Խաչատուրեան մասնակցեցան USJ-ի կազմապերպած աշակերտական թարգմանութեան մրցանքին՝ արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով: Աշակերտները ըստ իրենց նախընտրութեան կատարեցին տուեալ աշխատանքը: Անոնք աւարտին ստացան յիշեալ մասնագիտութեան վերաբերող տեղեկատուական…

«ՊԱՊԱ»ՆԵՐԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր ամսուն, կանաչ դասարաններու աշակերտներուն «պապա»ները այցելեցին մանկապարտէզ: Անոնք ծանօթացան իրենց զաւակներուն դասընկերներուն եւ դասարանին, ապա իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գործը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշակելէ ետք փոքրիկներուն կողմէ նախօրօք պատրաստուած կրկնեփուկները, «պապա»ները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հոկտեմբեր ամսուն, մեկնելով «Մաման կը կարէ» դասէն, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը, դիտեցին կարի գործիքները եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։