Ի՞ՆՉ Կ’ԱՇԽԱՏԻՆ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐԸ

«Արհեստներ եւ արուեստներ» նիւթի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզ այցելեցին կանաչ դասարանի աշակերտներուն հայրերը, որոնք երեխաներուն բացատրեցին իրենց գործը: Անոնք բերած էին իրենց գործին վերաբերող իրեր, նկարներ, ինչպէս նաեւ՝ հիւրասիրութիւններ: Իւրաքանչիւր հայր, մեծ խանդավառութեամբ, տաքուկ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ներկայացուց իր գործը: 

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ

«Արհեստներ եւ արուեստներ» նիւթի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2019-ին, Օրդ. Նայիրա Պաղտասարեան Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ մանկական ժապաւէններու պատրաստութեան մասին: Ան փոքրիկներուն ներկայացուց ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը իրականացնող անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամին դերը եւ բացատրեց աշխատանքի զանազան հանգրուանները:

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ. 2018 Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու՝ Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ։ Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան։ Այս…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ L.A.U. ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Ուսման կողմնորոշման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 21 Յունուար 2019-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ ԺԲ. դասարանէն հինգ աշակերտներ այցելեցին L.A.U. համալսարան՝ ներկայացնելու իրենց դիմումնագիրները եւ ծանօթանալու պատասխանատուներու հետ: Անոնք օգտաշատ հանդիպումներ ունեցան «Recruitment office»-ի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի եւ կրթանպաստի գրասենեակի պատասխանատուին հետ:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ հիւանդապահութեան մասնագիտութեան ծանօթացում: L.A.U. համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի վարիչ Տոքթ. Անահիտ Տէր Վարդանեան Քուլուիքի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց յիշեալ մասնագիտութիւնը: Ան շեշտեց ուսման ընթացքը, տեւողութիւնը, նիւթերը, կարեւորութիւնը այս մասնագիտութեան եւ գործի լայն կարելիութիւնները: Ան աշակերտներուն դիտել…

ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ՝ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, Ժամհուր դպրոցին տարածքէն ներս տեղի ունեցան վազքի մրցումներ, որոնց մասնակցեցան ճեմարանականներ Հրակ Կիւրիւնլեան եւ Արմէն Եղիայեան: Անոնք երկուքն ալ արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ: Հրակ Կիւրիւնլեան (Է. դասարան) 50 մասնակիցներու մէջէն հանդիսացաւ 11-րդ, իսկ Արմէն Եղիայեան (Թ. դասարան) 35 մասնակիցներու մէջէն՝ 6-րդ:   Կը գնահատենք Արմէնն ու…

«ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ամէն տարուան սովորութեան համաձայն ամբողջ Դեկտեմբեր ամիսը հաճելի ներկայացումներ մատուցեցին անգլերէն լեզուի դասապահերուն ընթացքին: Աշակերտները բաժնուեցան խումբերու եւ շինիչ ներկայացումներով հետաքրքրական մթնոլորտ ստեղծեցին դասարանէն ներս «Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով: Անոնք օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զանազան երկիրներու կաղանդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին:…

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ճեմարանական աշակերտներ: Մրցանակներու արժանացան հետեւեալ աշակերտները. Նարեկ Բակլայեան (Գ. դասարան), 8 տ. եւ վար՝ Բ. դիրք Հրակ Ծատուրեան (Ե. դասարան), 12 տ. եւ վար՝ Գ. դիրք Նիքոլա Մուրատեան (Է….

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները կաղանդի շրջանին նախաձեռնեցին բարեսիրական աշխատանքի մը. անոնք ստանձնեցին կարիքաւոր երկու ընտանիքներու այժմէական պէտքերու հոգատարութիւնը: Առաջին հանգրուանին, աշակերտները դպրոցէն ներս երկու շաբաթ խմբական նախապատրաստական աշխատանքներ կատարեցին, հագուստեղէնի եւ ուտելիքի ծրարներ պատրաստեցին: 21 Դեկտեմբերին, կաղանդի արձակուրդէն առաջ, այցելեցին եւ ծանօթացան երկու ընտանիքներուն,…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «անսխալ գրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի աշակերտները արձանագրած են փայլուն եւ գնահատելի արդիւնքներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. Դ. դասարանէն՝ Լոռիթա Սրուրեան (անսխալ): Ե. դասարանէն՝ Նարեկ Չերքէզեան (անսխալ),…

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան միջնակարգի երեք դասարանները հրաժեշտ տուին 2018 տարեշրջանին: Գեղարուեստական յայտագիրէն ու կերուխումէն ետք, հայկական պարեղանակներով, շուրջպարով եւ եւրոպական ու ամերիկեան պարերով ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս: Աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը եւ խմբական երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Փոքրիկները նուէրներով տուն վերադարձան: