ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ին, երգով ու պարով, գոյն-գոյն հագուստներով, Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները նշեցին Բարեկենդանը։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ

Մանկապարտէզի փոքրիկները կը նշեն Վարդանանց տօնը:

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները արաբերէնի դասապահուն խօսեցան իրենց նախասիրած արտադպրոցական աշխատանքներուն մասին, ոմանք փափաքեցան նաեւ ներկայացնել զանոնք իրենց դասընկերներուն։

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 2 Փետրուար 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն հետ բնապահպանման մասին աշխատանք մը կատարեց: Աշակերտները վերամշակման ու աղբերը նուազեցնելու մասին սորվեցան երեք տարբերակներ՝ «reuse, reduce, recycle»:

ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս,  Երեքշաբթի 23 եւ Չորեքշաբթի 24 Յունուար 2024-ին, Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ ընկերասիրութեան կարեւորութեան մասին, անդրադառնալով հետեւեալ կէտերուն՝ ի՛նչ բան կը սիրենք մեր ընկերներուն մէջ, ընկերներու տարբեր նախասիրութիւնները եւ կարողութիւնները, ընկերները ընդունիլ, յարգել եւ սիրել:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու փոքրիկները այցելեցին Մթայլէպի «Spinneys» հանրախանութը՝ նախաճաշի  սննդական նիւթեր գնելու համար: «Spinneys»-ի անձնակազմը փոքրիկներուն համար պատրաստած էր հիւրասիրութիւն՝ կրկնեփուկեւ հիւթ: Ուրբաթ առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:

ԹՈՒՂԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Նախնական դարաշրջանին մարդը իր միտքը գծագրութիւններով արձանագրած է ժայռերու վրայ , քարայրներու մէջ: Գրելու արուեստը անցած է զանազան փուլերէ: Մարդիկ արձանագրութիւններ կատարած են սալիկի, պապիրոսի, մագաղաթի վրայ մինչեւ թուղթի գիւտը՝ Ա. դար: Հայերէնի դասապահուն, «Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ստացան գիտական եւ պատմական տեղեկութիւններ…

ԶՈՄ-ԶՈԳ. ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ

Երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեան» ուսանողական գրասենեակի կազմակերպած արեւելումի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 22 Յունուար 2024-ին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին հետ արծարծեցին շտապ օգնութեան նիւթը: Անոնք սորվեցան, թէ ի՛նչպէս կրնան օգնել անակնկալ դէպքի մը պարագային, ո՞ր թիւերուն զանգել՝ Կարմիր Խաչ, հրշէջ եւ ոստիկանութիւն: Աշակերտները սորվեցան նաեւ իրենց անհատական հասցէները գրել եւ հասցէաքարտեր…

ՍԵԼԻՆ ԳԻԼԵՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ «ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն հինգ աշակերտներ մասնակցեցան ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած «Պահենք Մեր Այբուբենը» խորագրով մեքենագրութեան մրցումին։   Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Սելին Գիլեճեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ աւարտական դասարանի աշակերտ Սեւակ Զարմէնեան հանդիսացաւ երկրորդ։ Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները եւ մասնակցող աշակերտները։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ «ՊՈՒՐԱԿ» ՀԱՐԹԱԿԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 7-10 տարեկան երեխաներու համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան՝ «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը: «Պուրակ»-ը ծնունդ առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի հովանաւորութեամբ: Ծրագիրին նպատակն է զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման եւ այլազանել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու…

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին անգլերէն լեզուով զանազան  գիրքեր կարդացին եւ երկու պահուան ընթացքին հակիրճ ներկայացումներ կատարեցին իրենց կարդացած գիրքերուն մասին: Դասարանէն ներս ստեղծուեցաւ հետաքրքրական մթնոլորտ: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Լիմ Քէնտիրճեանի հեղինակած «Journey to Royal Destiny» գիրքին առաջին ներկայացումը իր ընկերներուն: Այս աշխատանքին նպատակը գիրք կարդալու…