ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.A.U.)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընդմէջէն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ զեղչի դրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին: Ան քաջալերեց աշակերտները մասնաւորաբար գնահատելով համալսարանէն ներս…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, առաջին զբօսանքին, երկրորդական բաժինի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Սերոբ Գասապեան ընթերցեց օրուան պատգամը: Պատմական ակնարկէ ետք, ան ըսաւ, որ եղեռնէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, որ իր թեւերը բաց ընդունեց զինք, հետեւաբար մենք Լիբանանը կ’ընդունինք իբրեւ մեր տունը: Ապա…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակի ներկայացուցիչը ԺԲ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներու ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ ապագային գործի կարելիութիւններուն մասին։

«ՇՐՋԱՊԱՏՍ ՄԱՔՈՒՐ ԿԸ ՊԱՀԵՄ»

Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերը սովորականէն տարբեր օր մըն էր Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն համար: Անոնք դպրոց եկան առօրեայ հագուստներով, սպունգներով եւ լաթերով: Օրուան բոլոր աշխատանքները կեդրոնացան «շրջապատս մաքուր կը պահեմ» նիւթին շուրջ: Դպրոցին ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Քիւրքճեան երաժշտութեան ներքոյ եւ խամաճիկներով փոքրիկներուն փոխանցեց մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ, որմէ…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն պատասխանատուներ՝ պարոն Կարէն եւ տիկին Ժագլին Մակինեան (պարարուեստ), տիկին Թալին Մոսիկեան («Թորոս Ռոսլին»), պարոն Նորայր Պուտագեան (նկարչութեան ուսուցիչ), օրիորդ Լիւսի Գռուզեան («Կարկաչ» երգչախումբի պատասխանատու եւ ուսուցչուհի) եւ տիկին Սիլվա Սողոմոնեան («Արեգ» պատանեկան թատերախումբի ուսուցիչ) այցելեցին Ճեմարան եւ շրջեցան Ա.էն Ը. դասարանները:…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ տարիքային կազմաւորման մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ 

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, հոգեբան Սեւանա Թօփալեան միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներուն  հետ արծարծեց «բռնադատում» (Bullying) նիւթը: Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին, իրենց հետ պատահած հարցեր բաժնեցին իրենց ընկերներուն հետ եւ ստացան անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, դասապահերէն ետք, տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակի պատասխանատու Թամար Քէշիշեանի հետ, որ աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներու ներկայացուց Հայկազեան համալսարան ընդունման տուեալները, մասնագիտութիւնները եւ համալսարան մուտքի անհրաժեշտ բոլոր մանրամասնութիւնները:

ԱՒԵՏԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՄԱՐԶԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ

Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2021-ին, Մանկապարտէզ այցելեց Ուու-շուի աշխարհի բազմակի ախոյեան, լիբանանահայ մարզիկ, մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան, որ Կանաչ դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց մարզանքի կարեւորութեան մասին գիտելիքներ: Փոքրիկները հետեւացան պարոն Սերոբեանի ցուցմունքներուն եւ կատարեզին զանազան մարզական վարժութիւններ:

ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան կազմակերպած ընկերային դաստիարակութեան ծրագրի ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2021-ին, մանկապարտիզպանուհի տիկին Թալին Եահնիյեանը այցելեց Նախակրթարանի Ե. դասարանները եւ խօսեցաւ աշակերտի մը իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին: Ան զանազան օրինակներով ներկայացուց նիւթը, իսկ աշակերտները մասնակցեցան՝ փոխանցելով իրենց ըսելիքներն ու խօսելով իրենց առօրեայ կեանքին մասին: Անոնք տիկին…

«ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ՝ ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄՆԻ ՄԷՋ»

Երեքշաբթի, 19 եւ չորեքշաբթի 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, Նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններուն աշակերտները ունեցան «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» խորագրով դասախօսութիւն մը, զոր վարեց Ճեմարանի եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) շրջանաւարտ, սննդագէտ Նանի Գալուստեանը: