ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ին, ժամը 1:45-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ նուիրուած՝ Ժ. դասարանի աշակերտ, վաղամեռիկ Նժդեհ Մերտխանեանին: Նժդեհին մահուան քառասունքին առիթով խօսքը ընթերցեց Ժուլիանա Թրթռեան, ապա ցուցադրուեցաւ դասընկերներուն կողմէ պատրաստուած տեսերիզը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան իր խօսքէն ետք, ներկայացուց Նժդեհին յիշատակի գրքոյկը: Այնուհետեւ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պսուսի մետաքսի թանգարանը (Ալէյ):  Անոնք տեսան խոզակը, շերամը, զանազան գործիքները, մետաքսէ պատրաստուած գորգերն ու շղարշները, ինչպէս նաեւ սորվեցան մետաքսի պատրաստութիւնը:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՊԱԳԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ»-ՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց շաբաթական ընթացիկ հանդիպումը: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նոյն օրուան «Ազդակ»-ի թիւով լոյս տեսած իրենց յօդուածները, գրութիւնները եւ առաջին աշխատանքները քննարկելու: Ապագայ լրագրողները գոհունակութեան մթնոլորտի…

ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ «ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-2023 տարեշրջանի «Մինի ֆութպոլ»ի մրցաշարքի աւարտական խաղերը տեղի ունեցան Շաբաթ, 22 Ապրիլ, 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի մեծ տղոց խումբը հանդիսացաւ ախոյեան: Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկները: Կը շնորհաւորենք նաեւ աւարտական դասարանէն Կարօ Քէօշկէրեանը, որ արժանացաւ լաւագոյն…

ՅԱՐԳԱՆՔ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ (Նորսիկեան մանկապարտէզ)

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն եւ կապոյտ դասարաններու փոքրիկները ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցին մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն եւ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուղակոթողին առջեւ: Իսկ կանաչ դասարաններու փոքրիկները այցելեցին Պիքֆայա եւ ծաղիկներ զետեղեցին նահատակաց յուշարձանին դիմաց:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈԻՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեէնէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Արեգ Ժերդիտեան, ապա Քրիսթել Մինասեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն «Սոնատ 2», որմէ ետք…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄԻ ԴԱՇՏԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ – ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-2023 տարեշրջանի «Դաշտային խաղերը» տեղի ունեցան Շաբաթ, 15 Ապրիլ, 2023-ին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ։ Ճեմարանի աշակերտները շահեցան 34 մետալ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արդիւնքները.- ԿԱՐՃ ՎԱԶՔ Աղջիկներ. 16 տարեկանէն վար, 80 մ.՝ Լոռի Աւետիս (երկրորդ) 16 տարեկանէն վեր, 100 մ.` Ալինա Վասիլեան (երկրորդ)…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2023-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը եւ լսեց աշակերտներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները։ Աշակերտները շրջեցան կառոյցի զանազան բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ ստացան…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ MUN ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Թ. եւ Ժ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ 24 Մարտէն 26 Մարտ 2023-ին մասնակցեցան HUMUN (Haigazian University Model United Nations) ծրագիրին, որուն կը մասնակցէին 310 ուսանողներ 31 դպրոցներէ եւ 7 համալսարաններէ: Մասնակիցները առիթը ունեցան ուսումնասիրելու MUN-ի աշխատանքները եւ ծրագիրները, թէ ի՛նչպէս երկիրներու պատուիրակները…

ԼԵՎԱՄԻ ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՂԸ ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ ԼԵՎԱՄի մինի ֆութպոլի 15+ տարիքային մրցաշարքի ընթացքին, Ճեմարան – Հարպոյեան վարժարաններու խաղէն առաջ, աշակերտները յոտնկայս յարգանք մատուցեցին իրենց ընկերոջ՝ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակին, իր ծնողքին եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ։ 6-1 արդիւնքով Ճեմարանի խումբը յաղթեց եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: Խաղի աւարտին, լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Ճեմարանական…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «AUB»-Ի ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հնագիտութեան թանգարանը, ուր տեսան զանազան ժամանակաշրջաններէ մնացած իրեր։ Անոնք հոն ծանօթացան նորութիւններու եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։ Թանգարան այցելութենէն ետք, աշակերտները շրջեցան համալսարանը։ Դաստիարակիչ այս պտոյտէն ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց բարձր տրամադրութեամբ։