«GLOBAL VILLAGE»

Ճեմարանի աշակերտները ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) կողմէ կազմակերպուած «Global Village»-ին: Այս տարի եւս, մենք բարձրացուցինք մեր դպրոցի անմար ջահը համալսարանէն ներս՝ ներկայացնելով Ֆիլիփփինը:

Կրնանք ըսել, որ աշխատանքը չափազանց խստապահանջ էր, մեզ ընկճելով յաճախ: Շուարած էինք ի՛նչ հագնիլ՝ Ֆիլիփփինի ազգային տարա՞զը, թէ շապիկ մը, որուն վրայ երկրին դրօշակը պիտի տպուէր: Զարդարանքներն ալ մեզ յոգնեցուցին, մեզ ստիպելով մինչեւ կէս գիշերները արթուն մնալ ու աշխատիլ: Վերջապէս, պէտք է նշել ուտեստեղէնները, որոնց համար վազուըզեցինք ու յոգնեցանք. ուզեցինք մեզի հետ տանիլ երկրին նշանաւոր ճաշերը: Գալով ֆիլիփփինեան մշակութային պարերուն, զանոնք կը պարտինք մեր դասարանի ժրաջան աղջիկներուն:

Յոգնեցա՞նք: Այո… շա՛տ: Բայց այդ յոգնութիւնը ապարդիւն չէր: «Global Village»-ի օրը՝ 27 Մայիս 2017-ին, հաւաքուեցանք Ճեմարան, ուրկէ մեկնեցանք համալսարան, ուր մինչեւ կէսօրուան ժամը 2 զարդարեցինք մեր վրանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, երբ բեմ բարձրացայ պարգեւատրուելու համար եւ հպարտացուցի դպրոցս: Հասաւ ժամը «Global Village»-ին, որուն ընթացքին զուարճացանք ու նոր յիշատակներու տէր դարձանք ծանօթանալով նոր մարդոց: Յոգնութիւնս մոռցայ մանաւանդ երբ մեր դասընկերուհիները բեմ բարձարացան պարելու. ուրախութիւնս անսահման էր:

Ի վերջոյ, կրնամ ըսել, որ մեր յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքը պտղատու էր:

Նարեկ Մեսրոպեան

Ժ. դասարան