ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՈՒԽՏՈՎ՝ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԵՄԻՆ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր ԺԲ. դասարանէն Արին Թաշճեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ.

«Ամառուան երկար արձակուրդէն ետք նորէն միասին ենք: Նորէն հաւաքուած ենք մեր հարազատ Ճեմարանի բակին մէջ, դարձեալ կը հանդիպինք մեր ուսուցիչներուն, դարձեալ գտած ենք մեր աննման ընկերները եւ արդէն կը մշակենք ապագայի ծրագիրներ: Ամէն բան նոյնն է կարծես… բայց ոչ՝ նոյնը չէ: Բոլորս բարձրացած ենք մեր դպրոցական կեանքի աստիճանէն հանգրուան մը: Ամէն բան նոյնը չէ, որովհետեւ ունինք դասընկերներ, որոնք զանազան պատճառներով մեզմէ բաժնուած են, բայց մեզի միացած են ուրիշներ: Ամէն բան նոյնը չէ, որովհետեւ մեր ուսուցիչներուն կողքին կան նաեւ նորերը, որոնց հետ պիտի մտերմանանք: Կարծես այսպէս է դպրոցական կեանքը: Տարուէ-տարի դասարանները կը յաջորդեն, դասանիւթերը կը փոխուին, բայց անփոփոխ կը մնայ մեր սէրը մեր սիրելի Ճեմարանին, մեր հայրենիքին եւ Արցախին հանդէպ: Երէկ իսկ նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25 ամեակը եւ այս առթիւ կու գանք հաստատելու, որ մենք իբրեւ աշակերտներ պարտինք տէրը կանգնիլ մեր հայրենիքին եւ մեր բոլոր կարելիութիւններով նպաստել անոր բարգաւաճման՝ ինչպէս կը պատգամեն մեզի Ճեմարանի հիմնադիրներուն գաղափարները: Ճեմարանի հիմնադիրները, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ միշտ ալ ըսած են, թէ մենք Ճեմարանի մէջ կը դառնանք լա՛ւ մարդ եւ լա՛ւ հայ: Ըլլա՛նք այդպիսին եւ շարունակե՛նք այդ առաքելութիւնը»:

Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: