ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.

Սեպտեմբեր 12-ին  երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը:

Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի, իսկ Չորեքշաբթի՝ տարրականի բաժինի աշակերտներուն:

Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով, Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ: Այդ օր, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:

Նանի Գալուստեան աւարտական դասարանի աշակերտներուն խօսքը փոխանցեց եւ ըսաւ. «Շատ լաւ կը յիշեմ, 12 տարիներ առաջ, երբ առաջին դասարան էի, այսպէս շարուած էինք, եւ ամբողջ դպրոցը ծափահարեց առաջին եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար: 12 տարիներ անցան. ահա դարձեալ հաւաքուած ենք բոլորս, սակայն այս անգամ դասընկերներս ու ես աւարտական դասարան հասած ենք: Փոքրիկի մը երազը ահա իրականացած է: 12 տարիներ անցան, եւ իրենց հետ թաւալեցանք մենք՝ ունենալով լաւ ու  վատ յիշատակներ եւ վերջապէս դառնալով հայ երիտասարդներ»: Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «2017-2018 տարեշրջանը կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100 ամեակին եւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90 ամեակին: Մենք՝ աւարտական դասարանի աշակերտներս, պարտք կը զգանք զանազան նախաձեռնութիւններով նշելու այս 2 առիթները, գործակցութեամբ ձեր բոլորին»: Նանի Գալուստեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց պետական քննութիւններու սեմին գտնուող իր ընկերներուն:

Այնուհետեւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց աշակերտները ըսելով, որ աւանդութիւն դարձած վերամուտի խորհրդանշական հաւաքը պիտի շարունակուի ամէն անգամ որ աշակերտներուն հանգրուանային վերամուտը ամբողջանայ:  Փաուլա Եղիայեան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացան «մեծ»երուն եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք ունին պատասխանատուութիւններով լեցուն տարեշրջան մը՝ պետական քննութիւններ, համալսարանական մուտքի քննութիւններ եւ մանաւանդ տարուան ընթացքին ազգային ու զանազան յատկանշական առիթներ նշելու եւ փոքրիկներուն օրինակ դառնալու պարտականութիւնը:

Փաուլա Եղիայեան իր խօսքի աւարտին արդիւնաւէտ եւ աշխատանքային լաւ ու բեղուն տարեշրջան մաղթեց բոլորին, ըսելով որ աշակերտները շրջապատուած են հոգատար ու գուրգուրոտ ուսուցիչներով, որոնց ցուցմունքներով իւրաքանչիւրը պիտի ձգտի լաւագոյնին: Ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները:

Օրուան ընթացքին, աւարտական դասարանի աշակերտները շրջեցան բոլոր դասարանները, վերամուտի առիթով գրիչներ նուիրեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին բոլորին: