ՉՈՐՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՃԻՄՆԱԶԻԱՏ-2017»-ԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ին, կը սկսի արաբական դպրոցական մարմնամարզութեան Ա. ախոյեանութիւնը՝ «Ճիմնազիատ-2017»ը: Մասնակցող դպրոցականները բաժնուած են տարիքային երկու խմբակներու՝ 12 եւ 14 տարեկանէն վար տղաք եւ աղջիկներ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք այս ախոյեանութեան մասնակցող Ճեմարանի չորս աշակերտներուն՝ Քրիստ Պարսումեանին եւ Նարօտ Կիւրիւնլեանին (մարմնամարզութիւն), Շանթ Ահարոնեանին (գունդ նետել) եւ Լէա Պուտաքեանին (վազք):