ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու, Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ:

Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս հաւաքը իր բնոյթով կը տարբերի ուրիշներէ անով, որ սոսկ դասախօսութիւն մը չէ, այլ՝ երկխօսութեան, զրոյցի ճամբով տեղեկութիւններ փոխանցել համալսարանական ուսման զանազան մասնագիտութիւններու մասին:  Տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացած Ճեմարանի շրջանաւարտներ, որոնք օրին երբ համալսարանական կեանքի սեմին էին եւ նոյն մտահոգութիւնները ունէին, այսօր կը ներկայանան իբրեւ փորձառու անձեր եւ կը լուսաբանեն նոր սերունդը: 

Երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնն ու շրջանաւարտները կամրջող այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան աւելի քան 60 Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներ եւ օգտաշատ տեղեկութիւններով գոհացում տուին բոլորին հետաքրքրութիւններուն:

Մտերմիկ այս հաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: