ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017-ին, ԺԲ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք հետաքրքրուած էին լիբանանեան համալսարանով, դպրոցի ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի երեք տարբեր բաժանմունքներ:

Անոնք նախ այցելեցին Ֆանարի շրջանին մէջ գտնուող հանրային առողջապահութեան եւ գիտութեան բաժանմունքները եւ տեսակցեցան պատասխանատու Դոկտ. Ժոզէֆ Պշարայի հետ, որ մէկ ժամ տրամադրեց լուսաբանելու համար աշակերտները: Ան շեշտեց, որ թէեւ շատ դժուար է լիբանանեան համալսարան մուտքը, որովհետեւ շատ դիմողներ կ’ըլլան նկատի ունենալով անվճար ըլլալը, հետեւաբար զտումը կը կատարուի բծախնդրօրէն, սակայն լաւ աշակերտները միշտ կը յաջողին: Այնուհետեւ աշակերտները ուղղուեցան Ռաուտայի շրջանը գտնուող գրականութեան եւ մանկավարժական բաժանմունքները, ուր եւս ստացան անհրաժեշտ ցուցմունքները:

Երկուշաբթի, 27 Նոյեմբերին, դարձեալ ԺԲ. դասարանէն երեք աշակերտներ ուղղուեցան լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքները եւ լուսաբանութիւններ ստացան պատասխանատուին կողմէ: