ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ամառուան արձակուրդէն ետք, վերջապէս Նորսիկեան մանկապարտէզէն լսուեցան մանկական ուրախ կանչերն ու երգերը:

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017-ին, կանաչ դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան Նորսիկեան մանկապարտէզի բակը իրենց վիզերէն կախած ժպտուն դէմքեր՝ կանաչ եւ նարնջագոյն ակնոցներով: Երեխաները բակին մէջ պարելէ ետք ուղղուեցան պարտէզ, ուր կրկնեփուկ կերան եւ պատմեցին, թէ ի՛նչպէս անցուցին ամրան արձակուրդը, ապա իրենց ծնողներուն հետ մտան դասարան:

Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին կապոյտ դասարաններու աշակերտները ծափ ու պարով սկսան իրենց նոր տարեշրջանին: Առաջին օրը անոնք իրենց ծնողներուն հետ ժամ մը անցուցին նոր դասարանին մէջ, ապա վերադարձան տուն:

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն վերամուտը սկսաւ զանազան խաղերով, ապա անոնք շարուեցան եւ իրենց ծնողներուն հետ ուղղուեցան իրենց դասարանները: Փոքրիկները փուչիկներով վերադարձան տուն:

Բարի վերամուտ եւ ուրախ տարեշրջան մանկապարտէզի փոքրիկներուն: