ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։

Մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին «Կախարդական Լաւաշը» խորագրուած հանդէսը:

Բեմին իւրայատուկ յարդարումով, բծախնդրութեամբ ընտրուած բազմերանգ տարազներով, հանդէսի բացման խօսքէն մինչեւ փակման խօսք իրենց պատգամներով, փոքրիկները Նաղաշին կերպարին ընկերակցութեամբ ներկաները փոխադրեցին զանազան երկիրներ: Իր բախտը գտնելու համար ամբողջ աշխարհը պտըտելէ եւ իւրաքանչիւր երկրի խորհրդանիշն ու մշակոյթը տեսնելէ ետք, ի վերջոյ Նաղաշը վերադարձաւ Հայաստան եւ հաստատեց, որ բախտաւորութիւնը հայրենի հողին մէջ է:

Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն կողմէ արտասանուած բացման խօսքով, ուր ներկայացուցին հանդէսին նիւթը եւ աւանդութիւններ պատմեցին լաւաշին մասին: Այնուհետեւ միասնաբար երգեցին «Հացին երգը» եւ Հայաստանի ու լաւաշին նուիրուած քառեակներ արտասանեցին: Նաղաշը ճամբայ ելաւ շրջելու աշխարհը, այցելելու ամէնէն գեղեցին վայրերը եւ իր բախտը փնտռելու: Ամէն անգամ, որ Նաղաշ երկիր մը կ’այցելէր, պաստառով կը ցուցադրուէին այդ երկրին վերաբերող տեսարժան վայրեր, իսկ փոքրիկները տեղեկութիւններ կը փոխանցէին յիշեալ երկրին մասին՝ միաժամանակ շարունակելով ներկայացնել Նաղաշին շրջագայութիւնը: Այսպէս՝ առաջին հանգրուանը եղաւ Լիբանանը, փոքրիկները հանդէս եկան լիբանանեան պարով: Նաղաշ շարունակեց դէպի Յունաստան, Մեքսիքօ եւ Հնդկաստան, յաջորդաբար ներկայացուեցան յունական եւ մեքսիքական պարեր, իսկ հնդկական պարը պարեցին կապոյտ դասարանի փոքրիկները: Հնդկաստան այցելութենէն ետք, Նաղաշ ըսաւ. «Իսկապէս շատ գեղեցիկ է Թաժ Մահալը, բայց ո՛ւր ալ երթամ իմ հայրենիքիս նմանը չկայ, ի՛մ լաւաշէս համեղը չկայ»:

Կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագախումբով հանդէս գալէ ետք, տեսերիզով ցուցադրուեցան հայկական պատկերներ, ապա խումբ մը աշակերտներ հայկական աւանդական պսակին վերաբերող քառեակներ արտասանեցին, որմէ ետք կապոյտ դասարաններու փոքրիկները պարեցին ու բեմականացուցին հարսանիքը:

Դարձեալ բեմ բարձրացան կանաչ դասարաններու աշակերտները եւ երգեցին «Հայաստանի ջուրն անուշ» երգը, ապա փոքրիկները հայկական լաւաշ բաժնեցին իրենց ծնողներուն եւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը հրաւիրեցին. «Մենք այս տարի շատ լաւ աշխատեցանք, գրեցինք, կարդացինք, խաղացինք, երգեցինք ու պարեցինք: Խօսեցանք շատ լեզուներ՝ հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն: Հիմա պատրաստ ենք մեր սիրելի մանկապարտէզին մնաս բարով ըսելու եւ անցնելու տարրական բաժին: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ապաճեան Լոռի Մէյրի, Աւագեան Բալենի, Ժերդիտեան Տեսիլ, Ճապաղջուրեան Ալիք, Մարտիկեան Մարիա, Մոմճեան Լոռի, Մումջօղլեան Սելին, Տէմիրճեան Էվլինա, Գարամանուկեան Կալի, Գրիգորեան Մարիան, Թիթիզեան Ալիք, Կայծակեան Փարելի, Սաթոյեան Թամար, Վարդանեան Թամար, Աբիկեան Վանա, Աճէմեան Նունէ, Միքայէլեան Սելին, Փեհլուլեան Կալի, Քէլէշեան Ռիթա, Քէօշկէրեան Աննա, Գրիգորեան Ալեք, Թազեան Վրէժ, Ժալըֆեան Ալեքսանտր Ժագ, Ժուրուքեան Մուշեղ, Մազաքեան Կարէն, Յարութիւնեան Րաֆֆի, Փափիրեան Տարօն, Բակլայեան Նարեկ, Թորգոմեան Անթոնի, Մանճիկեան Նիկոլ, Մէսճեան Էնտրու, Յովսէփեան Նարեկ, Շիրեճեան Նարեկ, Չերքէզեան Ալեք, Սուսանի Ճիովանի, Օտապաշեան Ալեք, Ազնաւուր Սերուժ, Արսլանեան Արէն, Մուրատեան Նարեկ, Սապունճեան Նազարէթ, Վարդանեան Ալեքսանտր, Քեչէճեան Հրակ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսին կազմակերպական աշխատանքին սատարած բոլոր պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ օգնականներուն, յատկապէս Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար եւ Արազ Կիտանեանին՝ տեսերիզներու պատրաստութեան համար, ապա ան շնորհաւորեց վկայեալներն ու ծնողները:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։