ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։

Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին «Մեր սիրած գեղարուեստական ժապաւէնները» խորագրուած հանդէսը:

Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն կողմէ արտասանուած բացման խօսքով. անոնք ըսին. «Այսօր ձեզի  պիտի ներկայացնենք մեր բոլորին ծանօթ մանկական գեղարուեստական ժապաւէններ: Այս ժապաւէնները պատրաստուած են տարիներ առաջ եւ մինչեւ այսօր յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Ո՞վ չի ճանչնար Սինտիպատը, Պույ – Պույ մկնիկը. մեզմէ ո՞վ չ’երգեր «Տօ է տիր է ֆիմէյլ տիր»: Ուրեմն բացէ՛ք ձեր աչքերն ու ականջները եւ մեզի հետ յիշեցէք ձեր մանկութեան օրերը»: Այնուհետեւ կանաչ դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան նուագախումբով եւ ներկայացուցին «Երաժշտութեան ձայնը» (Sound of music) եւ «Գնչուներու եղանակը», որմէ ետք փոքրիկները զրոյցի ձեւով ներկաներուն փոխանցեցին հեռատեսիլին վնասները, բայց նաեւ՝ անոր կարեւորութիւնն ու օգուտները երեխային երեւակայական աշխարհին զարկ տալու համար: Ապա դարձեալ կանաչ դասարանի աշակերտները պատմեցին նիւթը «Երաժտութեան ձայնը» ժապաւէնին, որմէ բաժին մը ցուցադրուելէ ետք, անոնք պարեցին «Sound of music»ը: Այսպէս յաջորդաբար կանաչ եւ կապոյտ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Սինտիպատի արկածախնդրութիւնները», «Կուզիկը», «Հէնսըլը եւ Կրէթըլը», «Ձիւնաթոյրը» եւ «Պույ-Պույ մկնիկը»: Հանդէսը նոյնպէս կարծէք երաժտախառն ժապաւէն մըն էր, որուն դերասանները մանկապարտէզի փոքրիկներն էին: Անոնք կը պատմէին նիւթը, որմէ կը ցուցադրուէր բաժին մը, ապա իւրաքանչիւր ժապաւէնին համապատասխան պար մը կը պարէին:

«Պույ-Պույ մկնիկը» եւ «Երաժշտութեան ձայնը» երգերէն ետք, կանաչ դասարաններու աշակերտները խմբական պարով մը փակեցին հանդէսին յայտագիրը: Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը հրաւիրեցին այսպէս. «Մենք այս տարի շատ լաւ աշխատեցանք. գրեցինք, կարդացինք, երգեցինք ու պարեցինք: Խօսեցանք հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, երգեցինք նոյնիսկ անգլերէնով: Պատրաստ ենք մեր սիրելի մանկապարտէզին մնաս բարով ըսելու եւ անցնելու տարրական բաժին: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Աբգարեան Կայէլ, Ճերմակեան Լօրէն, Մաթոսեան Բալիկ, Յակոբեան Ճենի-Սելին, Վարդանեան Կալի, Տէմիրճեան Լիլիթ, Քէշիշեան Գլոէ, Քէլէշեան Այլին, Լիպարեան Լիմ, Ղազար Ալիք, Մանտալեան Կալի, Մանտալեան Կայա Մարիա, Յովհաննէսեան Մեղրի, Ուրիշեան Ռիթա, Պետիրեան Հերա, Սաղտճեան Ալիք, Սուլեան Վիքթորիա, Քէնտիրճեան Լիմ, Ածիլածեան Մեղրի, Աստուրեան Սելին, Դարբինեան Կալիա, Կէօչերեան Ալեքսիա, Կիւրիւնլեան Աննա, Մարթայեան Սելա, Մումջօղլեան Սթեֆանի, Պաղտասարեան Վանի, Սէյիսեան Վանի, Սթեֆան Վալերի, Տէր Մաթոսեան Մեղրի, Աբրահամեան Արի, Ժուրուքեան Արամ, Հարպոյեան Վեհ Քրիսթ, Պերեճիքլեան Քրիսթիանօ, Տէր Ղուկասեան Միհրէ, Փաչանեան Յովսէփ, Փափազեան Հայկ, Օղկասեան Յարութ, Թերզեան Մայքլ, Թրթռեան Արեգ, Լախեան Վարագ, Պաստաճեան Պերճ, Պորոյեան Վան, Սաճոնեան Սերուժ, Քէշիշեան Կապրիէլ, Բակլայեան Կրեկ, Գալեմքէրեան Ճիորճիօ, Գասապեան Ռալֆ, Հարպոյեան Գալէ Դրոյ, Կոստանեան Պետրոս:

Վկայականներու բաշխումէն ետք, տնօրէնը ըսաւ, որ մանկապարտէզի հանդէսները սոսկ պարերու եւ երգերու ներկայացումներ չեն, այլ միշտ ունին դաստիարակիչ բաժին մը: Անոնք ամբողջ տարուան մը աշխատանքին ամփոփումն են: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յատնեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանին եւ բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։