«Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կատարուեցաւ 28 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մասնակից աշակերտներուն, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են.

Երկրորդական բաժինէն՝ Նարօտ Սերուժեան (առաջին) եւ Արենի Խաչատուրեան (երկրորդ):

Միջնակարգէն՝ Նարօտ Մերտխանեան (երրորդ)

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: