ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՄԱՌՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն մանկամսուրի մէջ կիրարկուեցաւ ամառնային յատուկ ծրագիր մը: 

Իւրաքանչիւր շաբաթ կ’ընդգրկէր մարզական խաղերու, խոհանոցային աշխատանքի, լողաւազանի, ձեռային աշխատանքի եւ պարտէզի օրեր:

Հաճելի ամառէ մը ետք, կը շարունակուի մանկամսուրի սովորական ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։