ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զրոյց՝ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանման եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցման աւանդին մասին, ապա տեղի ունեցաւ ուղղագրական մրցանք մը. 42 աշակերտներ բաժնուեցան 14 խումբերու,  իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ հատուած մը, ուր կային 35 ուղղագրական սխալներ: Աշակերտները լծուեցան սրբագրութեան աշխատանքի:

Առաջին հանդիսացաւ Արմէն Գարօ խմբակը, երկրորդ՝ Գրիգոր Զօհրապ խմբակը, Երրորդ՝ Վազգէն Շուշանեան խմբակը:

Մրցանքէն ետք աշակերտները իրենց հետ բերած մայրենի լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններով պատրաստեցին ցուցատախտակներ, ապա զանոնք զետեղեցին իրենց դասարաններէն ներս: