ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ՍԵՄԱՍ»-Ի ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

28 Օգոստոս 2017-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ GAJSMA (Կլոպըլ ասոսիէյշըն աֆ ճեփընիզ Սորպոն էնտ մենթըլ արիթմեթիք)-SEMAS(Սորպոն էճիւքէյշըն ֆոր մենթըլ արիթմեթիք սիսթըմ) թուաբանական մրցանքը, որուն մասնակցեցան 92 աշակերտներ՝ հինգ տարբեր մասնաճիւղերէ: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները, որոնք արժանացան գնահատանքներու.

Աւօ Խաչատուրեան, Վարդան-Էլի Իրատեան, Կարէն Ճինպաշեան, Վիքի Կիրակոսեան եւ Արէն Արսլանեան:

Կը շնորհաւորենք յատկապէս չորրորդ դասարանի աշակերտ Աւօ Խաչատուրեանը, որ 25 այլ երկիրներու կողքին Լիբանանը ներկայացնող 43 աշակերտներուն հետ մասնակցեցաւ Պանքոք-Թայլանտի մէջ կայացած GAJSMA  միջազգային տարեկան մրցոյթին եւ հանդիսացաւ երկրորդ: