ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հաւաքը, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի ճեմարանականներու վարչութեան:

Հակառակ դուրսը տիրող սառնամանիքին (-15 ջերմաստիճան) հաւաքին ներկայ էին 35 հոգի, որոնցմէ յատկապէս յիշենք 1945-ի շրջանաւարտ Մանուշակ Նահապետեան Յակոբեանը:

Սերժ Եսայեան զեկուցեց վարչութեան գործունէութեան մասին, ապա տեսերիզի միջոցով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանի խօսքը ուղղուած Մոնթրէալի Ճեմարանականներուն:

Պէյրութէն ժամանած Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան ընդհանուր զեկուցում տուաւ դպրոցին կրթական եւ շինարարական նորութիւններուն, նիւթական վիճակին եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք ան պատասխանեց  ներկաներուն հարցումներուն:

Ապա Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան լրացուցիչ տեղեկութիւններ տուաւ մանկամսուրի շինութեան վերաբերեալ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին մասին: