ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները նախորդ տարուան նման կը շարունակեն ազգային եւ մշակութային տօներն ու յատկանշական իրադարձութիւնները նշելու իրենց յանձնառութիւնը:

Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2017-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ԺԲ. դասարանէն Լալէ Չափարեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին, ապա պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան: Ան ըսաւ, որ այդ օր իրականացաւ Հայաստանի ժողովուրդի միասնական կամքը, համայն հայութեան իղձերու իրականացումն ու պատմական արդարութեան վերականգնումի գործը: Լալէ Չափարեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Կը մաղթեմ, որ անկախութիւն կերտող ազգի մը արժանի ժառանգորդները ըլլանք բոլորս մեր կեցուածքով, մեր աշխատանքով եւ մեր իրագործումներով»: Այնուհետեւ Ռազմիկ Ամեանի «Եռագոյնը» երգը հնչեց, եւ աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: