ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան Աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց հետեւեալ ծրագիրները.

-2009-ին հիմնուած Զոհրապ Պոսնոյեան կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ համալսարանական կրթաթոշակներ կը յատկացնէ այն աշակերտներուն, որոնք շրջանաւարտներն են Արսլանեան Ճեմարանին եւ որոնք ունին դպրոցական լաւ արդիւնքներ, նկարագրային արժանիքներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը կարօտին նիւթական օժանդակութեան:

http://www.hamazkayin.com/news/bosnoyan/

 

-Երեւանի Պետական համալսարանին հետ գործակցաբար, Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը:

http://www.hamazkayin.com/news/arm-teacher/

 

-Համազգայինի Ուսանողական հաւաքը (ֆորում):

http://www.hamazkayin.com/forum/info/

 

Արին Գալուստեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր ծրագրի մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: