ՀԱՃԵԼԻ ՕՐ ՄԸ «ՅԱՌԱՋ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Ճեմարան: Անոնք նախ շրջեցան դպրոցին մէջ, ապա Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ բարձրացան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում:

Երկու դպրոցներու աշակերտները Հայաստանի քաղաքներուն անունները կրող 10 խումբերու բաժնուած՝ խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցումին, որմէ ետք միասնաբար նախաճաշեցին, ապա ուղղուեցան դէպի Ժպէյլ՝ հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Աշակերտները շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր հայոց ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի  մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:

Հաճելի եւ դաստիարակիչ այս օրուան աւարտին աշակերտները հրաժեշտ տուին իրարու եւ վերադարձան իրենց դպրոցները: