Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ գաղութը թիւով քիչ սփիւռքահայ այն գաղութներէն է, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց նոր սերունդներուն հայեցի ամուր դաստիարակութիւն տալուն` իրենց բնակած երկիրներուն բարենպաստ պայմանները օգտագործելով: Անիկա այն գաղութներէն է, որոնք հակառակ վերջին տասնամեակներու կեանքի դժուար պայմաններուն` յամառօրէն մեծ ներդրումներ կ՛ընեն պահպանելու, արդիականացնելու եւ զարգացնելու համար հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու ցանցը. արդիականացում եւ զարգացում թէ՛ նիւթեղէն կառոյցներու, թէ՛ մարդուժի մարզերուն մէջ:

Արդարեւ, յաջորդ վերամուտին կը սկսի գործել նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանը, իսկ Արսլանեան Ճեմարանի հողատարածքին վրայ արդէն ընթացքի մէջ դրուած է Համազգայինի նոր մանկամսուրի կառուցումը:

Այս վերանորոգումը կը զուգադիպի նաեւ անձնակազմային բնական սերնդափոխութեան: Լիբանանահայութիւնը դպրոցական վերջին տարեշրջանի աւարտին իր ազգանուէր յանձնառութեան մէկ նոր փաստը տուաւ երկու կարեւոր ամէնօրեայ վարժարաններու ղեկավարումը վստահելով կրթութեան մարզին մէջ մասնագիտացած երիտասարդ կարող ուժերու: Ուժեր, որոնք արհեստավարժութիւն, արդիական մօտեցումներ, նոր շունչ եւ որակ պիտի բերեն այդ վարժարաններուն:

Այս երկու վարժարաններէն մէկը Ազգային միացեալ վարժարանն է, որուն համար Ազգային Իշխանութիւնները ատենին հանդէս եկան յատուկ հաղորդագրութեամբ: Ներկայ հաղորդագրութեամբ կու գանք ընդհանրապէս սփիւռքահայ եւ հայրենի հանրութիւնը, յատկապէս` լիբանահայութիւնը տեղեակ պահելու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի առած կարեւոր քայլի մը  մասին:

Արդէն Ճեմարանի 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսին ընթացքին, երբ Ճեմարանի այժմու տնօրէնը` Տիգրան Ճինպաշեան բազմաթիւ տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ, յայտարարուեցաւ Փաուլա Եղիայեանը Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն նշանակելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տուած որոշումին մասին: Փաուլա Եղիայեան ճեմարանաւարտ ըլլալով` Ճեմարանին մէջ իր առած դաստիարակութեամբ, հաստատութեան մէջ երկու ամբողջ տասնամեակներու հասնող իր ուսուցչական փորձառութեամբ եւ իր մասնագիտական կարողութիւններով` պահելով հանդերձ  Ճեմարանին  յատուկ հայակերտման նպատակներուն, մթնոլորտին ու ոգիին հանդէպ հաւատարմութիւնը, ուժական կերպով պիտի իրագործէ այդ նպատակները, աւանդութեան միախառնելով արդիական մեթոտն ու գործելակերպը: Փաուլա Եղիայեան, որ մասնագիտացած է կրթութեան համալսարանական ճիւղին մէջ եւ ամբողջացնելու  վրայ է  իր դոկտորական ուսումը, Ճեմարանին պիտի բերէ կրթական մարզի բարձր մակարդակի արհեստավարժութիւն եւ մասնագիտական մօտեցումներ: Փաուլա Եղիայեանը, վերջապէս, երիտասարդ ուժ մըն է, որ իր կարելիութիւններով եւ կարողութիւններով Ճեմարանը նոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ` անոր թարմ աւիշ ու  յաւելեալ արդիականացում ընծայելով:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլոր հայկական վարժարաններուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 23 օգոստոս 2016