ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԽՈՅԶԵՐՈՎ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները՝ խմբակներու բաժնուած, պատրաստած էին արաբերէն լեզուով խոյզեր Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: Իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց լիբանանցի քաղաքական գործիչ մը, ինչպէս՝ նախագահ,  բանակի հրամանատար, նախկին նախագահ, պատմական դէմքեր, բանաստեղծ, լրագրող…:

Խոյզերու ներկայացման ժամանակ աշակերտները խօսեցան այս դէմքերուն յատկութիւններուն եւ իրագործումներուն մասին: Անոնք պատրաստած էին նաեւ դէմքերու կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզներ: Ներկայացման ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում: