ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 66-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ միջնակարգի աշակերտներուն, Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի մահուան 66-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Ճեմարանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Թ. դասարանէն Սիրվիա Պապոյեան եւ Ալիք Ճինպաշեան ընթերցեցին բացման խօսքը, որմէ ետք Ը. դասարանէն Արամ Հանտեան, Հրակ Լախեան եւ Լորի Եահնիեան ասմունքեցին «Գիշերապահը», ապա Է. դասարանէն աշակերտներ ներկայացուցին Լեւոն Շանթէն փունջ մը խօսքեր:

Էտուարտ Թաշճեան եւ Անտրու Գարամինասեան հեռարձակումով ներկայացուցին Լեւոն Շանթի կեանքն ու գործունէութիւնը, որմէ ետք Ը. եւ Թ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին Լեւոն Շանթի կարգ մը գործերը: Այնուհետեւ Թ. դասարանի աշակերտները բեմականացուցին «Եսի Մարդը» թատրերգութիւնը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Ը. դասարանէն Շահան Նաճարեանի «Երեւան-Էրեբունի» նուագով:

Սարին, Կասիա, Կալի