ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ դպրոցի բարեկամներուն։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ Ճեմարանի պատմութեան ներկայացումով: «Ils sont tombés»  երգին ընկերակցութեամբ պաստառի վրայ նահատակ մտաւորականներու նկարներու ցուցադրութենէն ետք, ԺԱ. դասարանի աշակերտներ Յակոբ Թաշճեան եւ Քրիստ Բրուտեան Ճեմարանի հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի ձայներով պատմեցին Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք տարագրուած հայութեան լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը ամէն գնով պահելու տեսլականով 3 Մարտ 1930-ին հիմնադրուած Հայ Ճեմարանի պատմութիւնը: «Հայ Ճեմարանը գիտականօրէն դրուած է ընտանեկան հիմերու վրայ, ամէն կերպ կը ջանանք, որ դպրոցական կեանքը պաշտօնականի չվերածուի, որ աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան փոխադարձ շփումն ու յարաբերութիւնը՝ թէ՛ արտաքուստ, թէ՛ ներքուստ հոգեբանօրէն ըլլայ ընկերական, պարզ ու բնական: Այս տեսակի վերաբերումը սակայն ոմանց համար իսկոյն ըմբռնելի չէ, որովհետեւ դպրոցի մասին իրենց ունեցած գաղափարէն քիչ մը կը շեղի»,- կ՛ըսէ Լեւոն Շանթ: 1935-ի շրջանաւարտներուն նկարը երեւցաւ պաստառին վրայ, այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Ճեմարանի բարգաւաճումը, 27 Մայիս 1950-ին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պաշտօնական բացումէն մինչեւ այսօրուան Ճեմարանը: Ճեմարանի տնօրէններ Սիմոն Վրացեանը եւ Հրաչ Տասնապետեանը նոյնպէս իրենց պատգամներով մաս կազմեցին դպրոցի պատմութեան ներկայացման:

Յաջորդական տարեշրջաններու շրջանաւարտներու խմբանկարներու ցուցադրութեան աւարտին, երբ կարգը հասաւ 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն՝ անոնք հանդիսաւորութեամբ սրահ մուտք գործեցին:

Աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ բեմ բարձրացան: Սարհատ Հանտեան սկսաւ ասմունքելու Շ. Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպէն հատուած մը. «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն»… «Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: Ալիք Մեսրոպեան եւ Նարօտ Քէչէպաշեան ասմունքը ընդմիջելով, յայտնեցին որ 1929-ին գրուած այս վէպը, իբրեւ ազգի մը նահանջը ներկայացնող գրութիւն, չի համապատասխաներ 1930-էն մինչեւ այսօր գոյատեւող Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի սկզբունքներուն: Անոնք ըսին, որ Լ. Շանթ կը մերժէր նահանջը եւ առաջարկեցին ասմունքել «Կայսր»էն հատուած մը: Սարգիս Եագուպեան եւ Լէթիսիա Գարտաշեան ներկայացուցին Լեւոն Շանթի հերոս Օհան Գուրգէնի զրոյցը իր անսահման ձգտումներուն խորհրդանիշը հանդիսացող Հաննային հետ:

Այսպէս, մերժելով նահանջը, բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի բոլոր աշակերտները եւ երգեցին «Պիտի գնանք» երգը:

ԺԱ. դասարանին կողմէ  ողջերթի ուղերձ կարդաց Սարին Պոյաճեան. ան բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն: Այնուհետեւ ԺԱ. դասարանէն Նարէ Աշգարեան եւ Նարօտ Ադամեան հանդէս եկան ջութակի նուագով, դաշնակի նուագակցութեամբ Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարէ Աղասարգիսեանի:

Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձ կարդաց Կալի Խիւտավերտեան, որ ըսաւ. «Յետադարձ ակնարկով, այսօր, շրջանաւարտ դառնալու այս պահուն, կ’անդրադառնանք որ իւրաքանչիւր տարիքի, մանկութենէն մինչեւ պատանեկութիւն, Ճեմարանը սիրած ենք իւրայատուկ ձեւով: Տակաւին մանուկ մեր ուղեղները Ճեմարանը տեսան առաջին օրէն իբրեւ ամէնէն լաւը, ամէնէն ուրախ վայրը. այն տունը՝ ուր կը սորվէինք եւ կը խաղայինք, կը խնդայինք եւ կու լայինք, կը ծանօթանայինք դպրոցի բոլոր երեսներուն եւ կը կազմաւորուէինք առողջ ձեւով: Ապա, չափահաս դառնալով, Ճեմարանը նորէն տեսանք իբրեւ ամէնէն լաւը. ոչ-սովորական միջավայր մը, ուխտավայր մը, ուր մեր մտքի եւ հոգիի հորիզոնները ընդլայնեցան: Ճեմարանի մէջ ակադեմական գիտութեան եւ դաստիարակութեան կողքին, մենք սորվեցանք ըլլալ լաւ եւ քաղաքակիրթ մարդ, յանձնառու եւ գիտակից հայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, իբրեւ Ճեմարանի շրջանաւարտ, այսօր կը գիտակցի, թէ ինչ որ ձեռք ձգած ենք եւ իրագործած՝ կը պարտինք Ճեմարանին,  ուր մեր կարդացած ու վերլուծած Լեւոն Շանթի Պետքար լեռը եղաւ մեր ձգտումը, եւ Ճեմարանը իւրաքանչիւրիս մօտ ստեղծեց Պետքար լեռներ, զորս անպայման կը նուաճենք: Եւ հիմա, Ճեմարանի տարիներու մեր լուսանկարներուն նման, յառաջիկայ տարիներուն, մեր կեանքի լուսանկարները եւս պիտի շարունակեն ըլլալ զուարթ եւ ինքնավստահ շնորհիւ մեր գաղափարի տաճարին՝ Ճեմարանին: Ցտեսութիւն Ճեմարան, քու հարազատ յարկիդ ներքեւ սիրական, մեր կեանքերը ծաղկեցան ուրախ եւ ազատ»:

Հրաժեշտի ուղերձէն ետք, ջութակով դարձեալ ելոյթ ունեցաւ Նարէ Աշգարեան՝ Նարէ Աղասարգիսեանի նուագակցութեամբ: Այնուհետեւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Արին Լոզոյեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Արին Չոգագլեան ստացաւ ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակը: Աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին արժանացաւ Սարգիս Պոյաճեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն՝ Կալի Խիւտավերտեան, իսկ գիտական բաժինէն՝ Արամ Գէորգեան:  Նարօտ Քէչէպաշեան, Կալի Խիւտավերտեան եւ Սարգիս Եագուպեան ստացան գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Կալի Խիւտավերտեան։  Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Սեւանա Պոյաճեան: Ժ. դասարանի  հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Մհեր Փելթէքեան։ Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակը ստացաւ Նարօտ Մերտխանեան։ Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Մարիա Գափլանեան։ Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Ալեքս Կէտիկեան եւ Սանան Խաչերեան:  Ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Նարօտ Քէչէպաշեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք  տնօրէնը անդրադարձաւ 2015-2016 տարեշրջանին Ճեմարանի մէջ կատարուած  շինարարական իրագործումներուն եւ  դպրոցի տնտեսական վիճակին, որուն կայունութեան համար հզօր գործօն կը հանդիսանայ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, իւրաքանչիւր տարեշրջանի համար իր կատարած իշխանական յատկացումով: Ուսումնական գետնի վրայ կատարուած բարելաւման աշխատանքներուն ու պրըւէի պետական քննութիւններուն Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված փայլուն արդիւնքներուն մասին խօսելէ ետք, տնօրէնը իր խօսքը ուղղեց 2015-2016 տարեշրջանի աւարտական սերունդին, ըսաւ. «Ճեմարանի վկայականը երկրորդական դասարաններու աւարտական վկայական չէ միայն. Անիկա գրաւականն է այն հայեցի կրթութեան, որ բառակոյտերէ ու աժան ամբոխավարութենէ անդին, գիտութեան ու գիտակից յանձնառութեան ճամբով, կը դառնայ սեփականութիւնը Ճեմարանական սերունդներուն, նկարագիր կը կերտէ ու զանոնք կը մղէ հանրային ծառայութեան: Ծառայութեան ճամբաները բազմաթիւ են. ընկերային ու տնտեսական, մարզական ու կրթական, քաղաքական ու մշակութային: Անցնող տարուան ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով, այս սերունդը տուաւ փաստը իր ազգային յանձնառութեան: Այդ գիտակից յանձնառութեան հետեւանքովն էր, որ այս սերունդի մանչերն ու աղջիկները, Արցախեան Ապրիլ ամսուան պատերազմին առիթով, մեծագումար մասնակցութիւն բերին կազմակերպուած հանգանակային արշաւին, անկախաբար Ճեմարանի արդէն կարեւոր մասնակցութենէն: Կը մաղթենք, որ մնան միշտ այսպէս, հայօրէն հպարտ ու միշտ մասնակից հայ ազգի ու հայոց հայրենիքի կարիքներուն մատակարարման»:

Իր պատգամէն ետք, Տիգրան Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը՝ իր խօսքը փոխանցելու: Ան ըսաւ. «Այս հանդէսը Ճեմարանի շրջանաւարտ դառնալու սեմին հասած  այս ճեմարանական երիտասարդներուն տօնն է: Հետեւաբար՝ նաեւ Ճեմարանի՛ տօնն է, որ կը կրկնուի ամէն տարի…: Քարոզչութիւն կատարելու համար չէ, որ հաւաքուած ենք այստեղ: Ճեմարանի քարոզչութիւնը կատարուած է միշտ իր աշակերտներու ձեռք բերած արդիւնքով հայկական եւ ոչ-հայկական զոյգ միջավայրերուն մէջ. կատարուած է անոր շրջանաւարտներու արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով. անոնց ներկայութեամբ մեր ազգային կեանքէն ներս: Կատարուած է աշակերտներու ծնողներո՛ւն կողմէ: Կատարուած է ու կը կատարուի յատկապէս անոր գաղափարական յստակութեամբ եւ մանկավարժական ինքնուրոյն՝  ժամանակի ընթացքին հետ զարգացող, սակայն հիմնականին մէջ անփոփոխ դրոյթներով ու սկզբունքներով…: Արդի համաշխարհայնացման ու շուկայացման այս մաշեցնող ժամանակաշրջանին Կրթական Հաստատութիւնը միշտ այն միջավայրն է, ուր պիտի զարգանայ վաղուայ փոփոխութեան տեսլականը՝ մանկական ու պատանեկան թարմ միտքերուն մէջ. ուր ուղեղներուն մէջ պիտի դարբնուի ապագայ՝ հայկական ու համամարդկային բարելաւուած կեանքի մը գոյառումի  անհրաժեշտութեան գաղափարը. ուր պատանիին պիտի տրուի ամենէն արդիական զէնքերու օգտագործումով իր անձը եւ իր հաւաքականութիւնը ծունկի բերել փորձող բոլոր անհատական ու հաւաքական այլ ուժերուն դէմ պայքարելու վճռակամութիւնը»: Ապա ան յատուկ կերպով շեշտեց Ճեմարանի երկար տարիներու տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի վաստակը եւ ըսաւ. «Մեր տնօրէնը, պարոն Տիգրան Ճինպաշեանը, գրեթէ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է կրթութեան ասպարէզին. եթէ կարճ ատեն մը հեռու մնաց այս միջավայրէն, ատիկա պատահած է հակառակ իր կամքին: Սկսելով Ճեմարանի մէջ ուսուցչական պաշտօնավարութեամբ, ան գործուղուած է Քուէյթ ստանձնելու համար տեղւոյն  Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Լիբանան վերադարձէն ետք  հրաւիրուած է Ճեմարան իբրեւ Տնօրէն խորհուրդի անդամ, իսկ տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք նշանակուած է գործադիր տնօրէն, ապա՝ տնօրէն: Վստահ ենք, որ Տիգրան Ճինապաշեան իր պաշտօնական պաշտօնավարութեան աւարտէն ետքն ալ,  անքակտելի կապերով կապուած պիտի մնայ այս հաստատութեան. այս դպրո՛ցն է բարեբախտաբար բոլո՛ր ճեմարանականներու հոգեմտաւոր տարածքի կեդրոնական մասը գրաւող առարկան: Մանաւանդ անոնց համար, որոնք, Տիգրան Ճինպաշեանի պէս, այս կամ այն ձեւով իրենց անմիջական կապը այս հաստատութեան հետ շարունակած են՝ իրենց աշակերտական ժամանակաշրջանէն ետք ալ»: Ի վերջոյ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը անդրադառնալով Ճեմարանի նոր տնօրէնութեան, ըսաւ. «Այսօր Ճեմարանը կ’անցնի նոր հանգրուանի մը: Սերնդափոխութեան ժամ է՝ պահակագունդի փոփոխութիւն: Գործադրելով  Համազգայինի կանոնագրի բոլոր տրամադրութիւնները, Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջորդ դպրոցական տարեշրջանին համար դպրոցի տնօրէնութիւնը կը վստահի Տիկին Փաուլա Գէորգեան-Եղիայեանին:  Տիկին Եղիայեանի պաշտօնավարութեան սկզբնական շրջանին, իրեն պիտի օժանդակէ Կեդրոնական վարչութեան կրթական խորհուրդը, բաղկացած՝  Մկրտիչ Եափուճեանէ, Վաչէ Փափազեանէ եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանէ: Տիկին Փաուլան ամբողջական ճեմարանական է: Իր դպրոցական տարիները ամբողջութեամբ անցուցած է Ճեմարանէն ներս: Ճեմարանը աւարտելէ եւ իր բարձրագոյն ուսման առաջին վկայականը ստանալէ ետք ի՛ր դպրոցէն ներս սկսած է իր ուսուցչական ասպարէզը  գրեթէ երկու տասնամեակ առաջ՝ արժանանալով տնօրէնութեան գնահատանքին:  Վստահ ենք, որ ինչպէս նախորդ տնօրէնին, նո՛ր տնօրէնի պաշտօնավարութեան ընթացքին ալ մեր հաստատութիւնը պիտի արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:  Մանաւանդ, որ աշխարհացրիւ բոլոր ճեմարանականներու իրենց մայր հաստատութեան վերաբերմամբ տածած անկաշառ գուրգուրանքը յաջողութեան հիմնական երաշխիքներէն մէկը պիտի հանդիսանայ կրկին՝ ապահովաբար» (Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը ամբողջութեամբ կարդալ այստեղ): 

Իր խօսքէն ետք, Մկրտիչ Մկրտիչեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը պատուեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յատուկ յուշանուէրով մը, ապա բեմ հրաւիրեց Ճեմարանի նոր տնօրէնը, իր սրտի խօսքը փոխանցելու ներկաներուն: Տիկին Փաուլա Եղիայեան ըսաւ. «Այս պահը շատ պատասխանատու պահ մըն է ինծի համար, որովհետեւ ինծի կը վստահուի 86 տարիներ առաջ հիմնուած Հայ Ճեմարանի ջահը վառ ու բարձր պահելու պարտականութիւնը: Ճեմարանի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելը սովորական պարտականութիւն մը չէ. Ճեմարանի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելը առաքելութիւն մըն է, որովհետեւ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրները այս կրթօճախը հիմնեցին ոչ միայն հայ երեխային եւ հայ պատանիին որակաւոր կրթութիւն ջամբելու նպատակով, այլ՝ լաւ մարդ, լաւ քաղաքացի եւ յատկապէս լաւ հայ պատրաստելու նպատակով: Հետեւաբար իւրաքանչիւր անձ, որ կը գործէ Ճեմարանի մէջ, իր ուսերուն կը վերցնէ այս նպատակին ծառայելու յանձնառութիւնը: Եւ այսպէս, թէեւ սերունդները կը փոխուին, եւ շէնքերը կը նորոգուին, սակայն Ճեմարանի յաջողութիւններն ու Ճեմարանի մէջ տիրող շունչն ու ոգին կը մնան միշտ նոյնը: Առ այդ, մենք՝ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներս, աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, անձնակազմ, շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ, գործակցաբար պիտի շարունակենք վճռական այս երթը:  Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, որ այս կարեւոր պարտականութիւնը կը վստահի ինծի: Յատուկ շնորհակալութիւն՝ մեր սիրելի տնօրէն պրն. Տիգրան Ճինպաշեանին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է իմ աշխատանքներուս: Եւ վերջապէս կը շնորհաւորեմ 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտները, իրենց ուսուցիչներն ու մասնաւորաբար իրենց ծնողները: Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, թէեւ դուք այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուիք Ճեմարանէն, սակայն ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ տեղը դպրոցին մէջ եւ վստահաբար ձեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ Ճեմարանը ունի իր իւրայատուկ տեղը: Կը մաղթեմ, որ յաջողութիւն գտնէք ձեր ընտրած ասպարէզներուն մէջ եւ յառաջիկային ձեր ներդրումը ունենաք Ճեմարանի վերելքին մէջ»: Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.-

Գրական ճիւղէն՝ Կէօվշէնեան Միրնա, Գարտաշեան Լէթիսիա, Քէքէճ Ատուրեան Ալին, Խաչատուրեան Ծիլա, Խիւտավերտեան Կալի, Մելքոնեան Սելին, Միսիրեան Կրէյս, Նորամանեան Նարօտ, Արծրունի Թեւան, Պոյաճեան Սարգիս, Նորաշխարհեան Միքայէլ:

Գիտական ճիւղէն՝ Արոյեան Ռիթա, Պոյաճեան Սեւանա, Յովսէփեան Քրիսթել, Գազանճեան Մեղրի, Քէչէպաշեան Նարօտ, Խաչերեան Սանան, Լոզոյեան Արին, Մեսրոպեան Ալիք, Սարգիսեան Սերին, Չոքաքլեան Արին, Երէցեան Գէորգ, Արամալեան Արամ, Տաքեսեան Սերժ, Կէտիկեան Ալեքս, Հանտեան Սարհատ, Գէորգեան Արամ, Սապունճեան Վարագ, Չոքաքլեան Դրաստամատ, Թէքէլեան Դրօ, Թորթեան Զաւէն, Եագոպեան Սարգիս:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։