ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Կազմակերպութեամբ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, տարրական բաժինի Գ. դասարանի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը՝ նշելու հայ ժողովուրդի գոյութեան համար շատ կարեւոր տօն մը՝ Թարգմանչաց տօնը:

Աւարտական դասարանէն Ալինա Յովսէփեան ընթերցեց թարգմանչաց տօնի կարեւորութեան մասին գրութիւն մը, որուն աւարտին ըսաւ. «Մեր լուսաւորիչ-թարգմանիչներու անմահ գործին յիշատակը պահելու միակ միջոցն է սիրել ու տարածել հայերէն լեզուն, հայ գիրն ու մշակոյթը եւ պայքարիլ հայերէն լեզուի աղաւաղումներուն դէմ…»:

Ապա Գարլօ Դարբինեան ընթերցեց Խաչիկ Դաշտենցի «Երգ Սփիւռքահայութեան» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: