ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) այցելեց Ճեմարան եւ զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցաւ միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն հետ:

Ան խօսեցաւ պատանիին  պէտքերուն եւ տարիքային տագնապներուն ու վերիվայրումներուն մասին, կեանքի մէջ կատարելիք անոր ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ համացանցի աշխարհին հասցուցած վնասներուն մասին: