ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին կազմակերպուած էր զարգացման մրցում մը միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն համար:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Չալեան» սրահին մէջ: Մասնակցող 14 խումբերէն իւրաքանչիւրը կը բաղկանար 6 աշակերտներէ: Հարցումները կը վերաբերէին հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի:

Շուրջ երկու պահ հաճելի եւ առողջ մթնոլորտի մէջ աշակերտները պատասխանեցին հարցումներուն: Մրցումի աւարտին յայտարարուեցան յաղթող խումբերուն անունները: Երրորդ հանդիսացաւ «Սասուն» խումբը, երկրորդ՝ «Սիամանթօ»ն, իսկ առաջին՝ «Արցախ»ը: Իւրաքանչիւր յաղթող խումբի անդամները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

Սէրուժ Թապագեան

Ը. դասարան