ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2016-ին, նախակրթարանի աշակերտները՝ բաժնուած 20 խումբերու, մասնակցեցան Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած զարգացման մրցումին, որուն բացումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» երգով:

Մրցումի դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հետեւեալ գեղարուեստական յայտագիրը.

Երգ՝ Դ. դասարանի աշակերտներ՝ «Զինուորի երգ»ը:

Դաշնամուրով նուագ՝ Մարիէլ Մարթայեան (Ե. դասարան)՝ «Հոյ նազան», Շահան Նաճարեան (Զ. դասարան)՝ «Արիւնոտ դրօշ», Կալիա Պասթաճեան (Ե. դասարան)՝ «Ինչ ուրախ է այս գարունը»:

Ասմունք՝ Լոռի Եահնիեան (Զ. դասարան)՝ Մետաքսէի «Ես հայրենիքս գրկած եմ ապրում» բանաստեղծութիւնը:

Զարգացման մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացաւ «Վան» խումբը, երկրորդ՝ «Մարաշ»ը, երրորդ՝ «Արցախ»ը: