ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Երկուշաբթի, 12 Փետրուար 2018-ին Ճեմարան այցելեց Արի Չէօրէքճեան, որ Օգոստոս 2013-ին Արարատի գագաթը նուաճած էր: Հայոց Պատմութեան դասապահուն, ան իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արարատ լեռնագնացութեան մասին՝ նախապատրաստութիւններ, տեւողութիւն, կլիմայ, դժուարութիւններ եւ անշուշտ զգացումներ:

Ներկայացման աւարտին Արի Չէօրէքճեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։