ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կոմիտասի մահուան 81-րդ ամեակին առիթով միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները ունկնդրեցին մեծ երաժիշտին յօրինած կտորներէն, ապա  Պետօ Գալուստեան ներկայացուց Կոմիտասի կեանքը, գործունէութիւնն ու անոր ողբերգական վախճանը:

Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան դէպի դպրոցին մուտքին գտնուող Կոմիտասի կիսանդրին, ուր վարդեր զետեղեցին եւ ունկնդրեցին «Կռունկ»ը: