ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը:

Իրմա Գապագեան Տէտէեան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ բանաստեղծութիւններու եւ ասմունքողի յատկանիշներուն մասին: Ան ասմունքեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր», Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնները: Այնուհետեւ միջնակարգի Է. դասարանէն Լոռի Եահնիյեան եւ Հրակ Լախեան, որոնք «Խաչիկ Պապիկեան» ասմունքի մրցանքին այս տարուան մասնակիցներէն են եւ արդէն երկրորդ հանգրուան անցած են, յաջորդաբար ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Կտակը» եւ Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» բանաստեղծութիւնները:

Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ Իրմա Գապագեան Տէտէեանի խտասալիկը, որ կ’ընդգրկէ 11 բանաստեղծութիւններ: