ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԱՊԱՀ «ՄԵԾ» ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ  արաբերէն լեզուի հաճելի դասապահ մը անցուցին: Անոնք խօսեցան ու կարծիքներ փոխանակեցին հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան մասին:

Աշակերտները արտայայտուեցան հայրենիքի նկատմամբ քաղաքացիին ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին եւ ամրապնդեցին իրենց սորված բառամթերքը: