ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺԻՆ ԱՅՑԸ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ

Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ ատամնաբոյժ Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան այցելեց մանկամսուր եւ փոքրիկներուն փոխանցեց ակռաներու առողջապահութեան վերաբերող գիտելիքներ: Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է ակռաները խոզանակել օրական դրութեամբ:

Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ակռանելը խոզանակելու փորձ կատարեցին: