ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեան կեդրոնի եւ հսկողութեամբ Ճեմարանի հիւանդապահուհիին, 28 Նոյեմբերէն 9 Դեկտեմբեր 2016, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ առողջապահական ընդհանուր քննութիւն (մարմին, ակռայ եւ տեսողութիւն) մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն:

Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ուղարկուեցան նաեւ Գարակէօզեան կեդրոն յատուկ մեքենայով ակնաբուժական քննութեան ենթարկուելու(Microscope optique):